Իտալիոյ մէջ հայկական թոնիր յայտնաբերուած է միջնադարեան եկեղեցիի մը մէջ

թոնիր

Հարաւային Իտալիոյ Գալապրիա շրջանին մէջ, 2024-ին կատարուած հնագիտական պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է գետնափոր թոնիր մը, որուն՝ ուսումնասիրողները հայկական ծագում կը վերագրեն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը։

Յայտնաբերումը կատարուած է Պրանքալէոնէ Վեթուս հնավայրի 9-րդ դարու քարայր-եկեղեցւոյ մէջ, որ ծանօթ է «Կենաց ծառի քարայր» անունով։ Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ պահպանուած են խաչերու եւ սիրամարգերու փորագրութիւններ, որոնք ըստ մասնագէտներուն՝ հայկական քրիստոնէական արուեստի յատկանիշեր կը կրեն։

Հայկական թոնիր

Պեղումները կատարած հնագէտ եւ պատմաբան Սեպասթիանօ Սթրանճէսի համաձայն՝ եկեղեցւոյ կեդրոնական սիւնը կը խորհրդանշէ Կենաց ծառը, իսկ կառոյցը հաւանաբար նուիրուած էր Սուրբ Հոգիին եւ Յարութեան։

Գալապրիոյ մէջ հայկական ներկայութեան հետքերը վաղ միջնադար կը հասնին։ Տարածաշրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ «Հայերու ամրոց» (Rocca Armenia) կոչուող միջնադարեան ամրութեան մնացորդները, իսկ Պրանքալէոնէէն մինչեւ Ասփրոմոնթէ երկարող հովիտը յայտնի է «Հայերու հովիտ» (Valle degli Armeni) անունով։

Հնագէտներուն կարծիքով՝ թոնիրին յայտնաբերումը կրնայ նոր լոյս սփռել հարաւային Իտալիոյ հայկական համայնքներու պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան վրայ։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH