Իւրաքանչիւր կրէօնլանտցիի 1 միլիոն տոլա՞ր
The Daily Mail-ը կը հաղորդէ, որ Թրամփ հիմա ալ կ՚ուսումնասիրէ իւրաքանչիւր կրէօնլանտցիի վճարել 1 միլիոն տոլար, կղզին ԱՄՆ-ու կցելու հարցով կազմակերպուելիք հանրաքուէին դրական պատասխանելու պարագային։ Թերթը կ՚աւելցնէ, որ եթէ ան վճարէ այդ հսկայական գումարը Կրէօնլանտի բոլոր՝ 56.400 բնակիչներուն, ընդհանուր գումարը կրնայ կազմել 564 միլիառ տոլար։
Սակայն, նախ դեռ կղզին պէտք է համաձայն ըլլայ Թրամփի արծարծած այդ հանրաքուէին, ապա նաեւ առաջարկուած գումարն ալ ստանալու համար հաւանաբար պայման պիտի դրուի ԱՄՆ-ուն միանալու ի նպաստ արդիւնք մը, ինչ որ կ՚ենթադրէ առնուազն 60 տոկոսի մեծամասնութիւն մը։
