Նախարար Ժաննա Անդրէասեանի պաշտօնական հանդիպումները Փարիզի մէջ

Ժաննա-1

Ժաննա Անդրէասեան եւ Էտուար Ժեֆրէ

Փարիզ կա­տարած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, Հայաստանի Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մարզանքի նա­խարար Ժան­նա Անդրէասեան Յուլիս 9-ին հան­դի­պումներ ու­նե­ցած է ֆրան­սա­ցի բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նատար­նե­րու հետ՝ ամ­րապնդե­լով երկկող­մա­նի գոր­ծակցու­թիւնը կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ֆրան­սա­խօսու­թեան մար­զե­րէն ներս։

Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խարար Էտուար Ժեֆ­րէի հետ քննար­կումնե­րուն առանցքը կազ­մած է Հա­յաս­տա­նի դպրոց­նե­րուն մէջ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան ներդրու­մը։ Անդրէասեան յատ­կա­պէս ընդգծած է «ԱԲ սե­րունդ», «STEP.AI» ծրա­գրերն ու «OpenAI»-ի հետ գոր­ծակցու­թիւնը, որուն շնոր­հիւ «ChatGPT Edu» գոր­ծի­քը հա­սանե­լի պի­տի դառ­նայ շուրջ 50 հա­զար հա­յաս­տանցի օգ­տա­տէրե­րու։ Զրոյ­ցի ըն­թացքին ար­ծարծուած են նաեւ դպրո­ցական­նե­րու կող­մէ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը սահ­մա­նափա­կելու նախաձեռնութիւննե­րը, ինչպէս նաեւ նա­խադպրո­ցական կրթու­թեան ոլոր­տէն ներս փոր­ձի փո­խանա­կումն ու Փա­րիզի մէջ գոր­ծող «Թու­մօ» կեդ­րո­նի յա­ջողու­թիւննե­րը։

Այ­ցե­լու­թեան մէկ այլ հանգրուանին, Ֆրան­սախօսու­թեան, մի­ջազ­գա­յին գոր­ծընկե­րու­թեան եւ ար­տասահմանի ֆրան­սա­ցինե­րու հար­ցե­րու լիազօր նա­խարար Էլէոնոր Քա­րուա­յի հետ հան­դիպ­ման ըն­թացքին, գլխա­ւորա­բար շեշ­տուած է 2027-ին Երե­ւանի մէջ կա­յանա­լիք Ֆրան­սա­խօսու­թեան 10-րդ մար­զա­մշա­կու­թա­յին խա­ղերուն ֆրան­սա­կան կող­մի աջակ­ցութիւ­նը։ Անդրէ­աս­եան նշած է, որ Հա­յաս­տա­նի 250 դպրոց­նե­րուն մէջ շուրջ 60 հա­զար աշա­կերտներ ֆրան­սե­րէն կ՚ու­սա­նին, ապա գոր­ծընկե­րոջ հետ քննար­կած է ֆրան­սա­կան բարձրա­գոյն հաս­տա­տու­թիւննե­րու հնա­րաւոր մաս­նակցու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի «Ակա­դեմա­կան քա­ղաք» ­ծրագրին։

Բա­ցի կրթա­կան ուղղու­թիւննե­րէն, հայ­կա­կան պա­տուի­րակու­թիւնը անդրա­դար­ձած է նաեւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան եւ արուես­տի շու­կա­յին՝ այ­ցե­լելով Փա­րիզի «Hôtel Drouot» ծանօթ աճուրդա­յին կեդ­րոն։ Կա­ռոյ­ցի նա­խագահ Ալեք­սանտր Ժի­քելո­յի հետ կա­յացած հան­դի­պու­մին հա­մաձայ­նութիւն գո­յացած է գոր­ծակցելու աճուրդա­յին հա­մակար­գի կա­ռավար­ման, մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու ապօ­րինի շրջա­նառու­թեան կան­խարգիլ­ման, ինչպէս նաեւ հա­յաս­տա­նեան թան­գա­րան­նե­րու փոր­ձա­գէտ­նե­րու եւ հա­մադ­րողնե­րու վե­րապատ­րաստման ծրա­գրե­րուն շուրջ։