Պանթէոն-1

Պանթէոնի կամարներուն տակ 

Հայազգի հերոսներուն ոգին՝ Ֆրանսայի նոր սերունդին ուղեցոյց

╒e╒i╒╢╒⌐╒o╒╕╒╢ 2

Մայիս 27-ին, Դիմադրութեան ազգային օրուան առիթով, Փարիզի Պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրային ծառայութեան ազգային հիմնարկին (INSP, նախկին ENA) կողմէ կազմակերպուած յուզիչ արարողութիւն մը, նուիրուած՝ Դիմադրութեան շարժումի հերոսներ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի յիշատակին։ Մեծ հպարտութիւն էր տեսնել ու իմանալ, որ այս տարի, հիմնարկի 2026-ի աւարտական սերունդը (Promotion 2026) յատկապէս անուանակոչուած է ի պատիւ հայազգի այս զոյգ հերոսներուն։

╒e╒i╒╢╒⌐╒o╒╕╒╢ 3

Արարողութեան ընթացքին շրջանաւարտներուն իրենց խօսքը ուղղեցին Փարիզի ռազմական կառավարիչ, զօրավար Լոյիք Միզոն, «Դիմադրութեան հիմնադրամ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ժան-Ֆրանսիս Թրեֆել, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան։ Ելոյթներուն մէջ առանձնայատուկ կերպով շեշտուեցաւ Մանուշեաններու անձնազոհ ծառայութիւնը՝ յանուն ազատութեան, արժանապատւութեան եւ համամարդկային արժէքներու։

╒e╒i╒╢╒⌐╒o╒╕╒╢ 4

Խօսք առնողները բարձր գնահատեցին ուսանողներուն կատարած այս խորհրդանշական ընտրութիւնը՝ հաստատելով, որ պետական ծառայութիւնը լոկ արհեստագիտական ու մասնագիտական հմտութիւններով չի սահմանափակուիր, այլ կը պահանջէ նաեւ արիութիւն, հաստատուն արժէքներ եւ անձնական խոր նուիրում։ Միաժամանակ ընդգծուեցաւ, որ Մանուշեաններու լուսաւոր կերպարը իր ուրոյն տեղը ունի հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պատմութեան մէջ, մանաւանդ հիմա, երբ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները թեւակոխած են նոր հանգրուան մը՝ Մայիս 5-ին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրով։

╒e╒i╒╢╒⌐╒o╒╕╒╢ 5

Ոգեկոչման պաշտօնական բաժինէն ետք, մասնակիցները, պետական դէմքերն ու դեսպանը ծաղկեպսակներ զետեղեցին Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի դամբարանին առջեւ՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով անոնց անմահ յիշատակին։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Պանթէոնի կամարներուն տակ կատարուած խորհրդաշատ այցով մը։