«Marriott»-ը կը ջնջէ դէպի Արցախ զբօսաշրջային փաթեթը
«Marriott Bonvoy»-ը ջնջած է ցեղային զտման ենթարկուած ու Ազերպայճանի բռնագրաւած Արցախի զբօսաշրջային իր փաթեթը։ Ընկերութիւնը այս քայլին դիմած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին (ANCA) եւ վեց ցամաքամասերու վրայ գործող հայկական սփիւռքեան կազմակերպութիւններու մղած հնգօրեայ միջազգային արշաւէն ետք։ Նշենք, որ այդ արշաւը սկիզբ առած էր, երբ Հայկական հետազօտութիւններու եւ վերլուծութիւններու կեդրոնը (CARA) Յուլիս 27-ին առաջին անգամ ըլլալով՝ հետաքննութիւնէ մը ետք բացայայտեց այս շրջապտոյտը։
14 ժամուան այցելութիւն մը նախատեսող այս փաթեթը, որ կրնար ապսպրուիլ ուղղակի «Marriott»-ի առցանց հարթակէն եւ կամ ապահովուիլ «Marriott Bonvoy»-ի կէտերէն, ճամբորդներուն կ՚առաջարկէր ուղեւորութիւն մը Արցախի ամբողջ տարածքին, ներառեալ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքները։ «Marriott»-ի քարոզչական նիւթերուն մէջ որեւէ յիշատակութիւն չկար Արցախի հազարամեայ պատմութեան մասին՝ իբրեւ հայկական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի օրրան, ոչ ալ յայտագիրը կ՚անդրադառնար Ազերպայճանի յարձակումին, շրջափակման եւ ցեղային զտման, որոնց հետեւանքով 2023 Սեպտեմբերին Արցախը պարպուեցաւ իր 150.000 բնիկ հայ բնակչութենէն։
«Ասպարէզ»-ի մէջ հրապարակուած CARA-ի հետաքննութիւնը պարզած էր, որ շրջապտոյտի նկարագրութեան մէջ տարածաշրջանը կը կոչուէր «Ղարաբաղի գօտի», իսկ Արցախի ամէնէն ճանչցուած յուշարձանը՝ «Մենք ենք, մեր լեռները» կոթողը (Տատիկ-Պապիկը), կը ներկայացուէր սոսկ իբրեւ «տարածաշրջանային քարարուեստի եւ ճարտարապետութեան ուշագրաւ օրինակ»։ «Հայկական» բառը ոչ մէկ տեղ կը նշուէր։ «Այդ լռութիւնը գովազդային անփոյթ շարադրանքի արդիւնք չէ,– կը նշուէր CARA-ի տեղեկագիրին մէջ,– անիկա հետապնդուած ծրագրին մէկ մասն է»։
CARA-ի բացայայտումէն քանի մը ժամ ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբն ու անոր գործընկեր մարմինները Եւրոպայի, Հարաւային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ ամբողջ հայկական Սփիւռքի տարածքին ձեռնարկեցին համադրուած իրաւապաշտպան արշաւի մը։ Համաշխարհային հայկական լրասփիւռները արձագանգեցին ու ընդլայնեցին արշաւը աւանդական եւ ընկերային ցանցերու հարթակներով։ Աւելի քան 100 միլիառ տոլարի շուկայական արժէք ունեցող «Marriott» ընկերութիւնը 120 ժամէն ալ նուազ ժամանակամիջոցի մէջ ետ կանգնեցաւ իր որոշումէն։
