Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Նախիջեւանի երկաթուղային գիծի վերականգնման առնչուող ծրագրերուն

Screenshot

Screenshot

ԵՄ-ի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս՝ Տաւոսի մէջ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում ունեցած է։ Այդ տեսակցութեան ընթացքին Քոս իր խօսակիցին յայտնած է Նախիջեւանի երկաթուղային գիծի վերականգնման առնչուող ծրագրերուն աջակցելու ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը։ Ան նաեւ նշած է, որ ԵՄ-ը պատրաստ է աջակցելու Ազերպայճանի մարդասիրական ականազերծման ջանքերուն։