Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաշինեանին եւ Ալիեւին
ԱՄՆ-ու փոխնախագահը պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ազերպայճան
ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ անցեալ տարուան Օգոստոսին ձեռք բերուած համաձայնութիւնը պահպանելնուն համար : Թրամփ այս մասին գրառում կատարած է իր հիմնած «Truth» ընկերային ցանցի անձնական էջին վրայ:
«Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւին եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին՝ անցեալ տարուան Օգոստոսին մեր կողմէ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը պահպանելնուն համար : Սա սարսափելի պատերազմ մըն էր՝ այն 8 պատերազմներէն մէկը, որոնց ես վերջ տուած եմ: Հիմա կը տիրէ բարգաւաճում եւ խաղաղութիւն»,– գրած է ԱՄՆ-ու նախագահը:
Թրամփ յայտնած է, որ Փետրուարին ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Տի. Ճի.Վենս պիտի այցելէ երկու երկիրները՝ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը զարգացնելու եւ TRIPP ծրագիրը յառաջ մղելու համար:
ԱՄՆ-ու նախագահը նշած է նաեւ հետեւեալ կէտերը.
- Պիտի ամրապնդուի ռազմավարական գործընկերութիւնը Ազերպայճանի հետ:
- Հայաստանի հետ պիտի կնքուի խաղաղ հիւլէական համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիր:
- Պիտի կնքուին գործարքներ ամերիկեան կիսահաղորդիչներու մեծ արտադրողներուն համար:
- Ազերպայճանին պիտի վաճառուին ԱՄՆ-ու մէջ արտադրուած պաշտպանական սարքաւորումներ:
