Վարչապետին միացած Յովնան արք. Տէրտէրեանը պիտի մասնակցի Աւստրիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովին
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը յայտարարած է, որ Փետրուար 16-19-ին պիտի մասնակցի Մայր Աթոռին որոշումով Աւստրիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսաց ժողովին։
Յովնան սրբազանը այն եպիսկոպոսներէն մէկն է, որոնք զօրակցած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Նախապէս, այս խումբը յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի Աւստրիոյ Ս. Փէօլթըն քաղաքին մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովին եւ նոյնիսկ կոչ ուղղած էր Մայր Աթոռին՝ զայն յետս կոչելու:
«Բարենորոգման խորհուրդի» վերաբերեալ Արեւմտեան թեմի կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութենէն յստակ չէ, թէ արդեօք Յովնան արքեպիսկոպոսը լքա՞ծ է «Եկեղեցւոյ բարենորոգման խորհուրդը»: Յիշեցնենք, որ այս խորհուրդի կազմին մէջ է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ կը պահանջէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրաժարականը:
Յայտարարութեան մէջ միայն նշուած է, որ Եպիսկոպոսաց ժողովէն ետք, Փետրուար 20-21-ին, Սրբազանը պիտի մասնակցի նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովին:
