Երբ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարը խաղաղութիւն կը ջատագովէ ազերպայճանցի իր պաշտօնակիցին

Screenshot

Screenshot

«Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանի բարգաւաճման»

Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար Յունուար 26-ին այցելած է Ազերպայճան, ուր իր ազերպայճանցի պաշտօնակիցին՝  Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած է հանդիպում մը։ Յաջորդած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին իսրայէլացի նախարարը յայտարարած է. “Կը շնորհաւորեմ Ազերպայճանը՝ Թրամփի միջնորդութեամբ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելուն առիթով։ Այդ պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանի բարգաւաճման”։