Թրամփ Գանատայի վարչապետը անուանած է  «նահանգապետ», սպառնացած է 100 առ հարիւր մաքսատուրքերով

Թրամփ-Գարնի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քննադատած է Գանատայի ղեկավարութիւնը եւ «նահանգապետ» անուանած է երկրի վարչապետ Մարք Գարնին: Ան յայտարարած է, թէ Գանատան պէտք չէ «տարանցիկ կէտ» դառնայ չինական ապրանքներուն համար՝ դէպի ԱՄՆ անոնց ճամբուն վրայ:

“Եթէ նահանգապետ Գարնին կը կարծէ, թէ կրնայ Գանատան վերածել «տարանցիկ կէտի» Միացեալ Նահանգներ ղրկուող չինական ապրանքներուն եւ արտադրանքին համար, ան խորապէս կը սխալի: Չինաստանը Գանատան կենդանի պիտի լափէ, ամբողջութեամբ կուլ պիտի տայ զայն, պիտի աւերէ առեւտուրը, ընկերային կառոյցը եւ երկրի կենսակերպը ընդհանրապէս”,– իր Truth Social ընկերային ցանցին մէջ գրած է Թրամփ:

Ան աւելցուցած է, որ եթէ Գանատան գործարք կնքէ Չինաստանի հետ, ԱՄՆ անմիջապէս 100 առ հարիւր մաքսատուրք պիտի սահմանէ գանատական ապրանքներուն համար:

Իրականութեան մէջ, Գանատայի եւ Չինաստանի միջեւ համաձայնութիւն արդէն իսկ ձեռք բերուած է: Յունուար 16-ին՝ Գանատայի վարչապետին Չինաստան այցելութեան ընթացքին,– որ առաջինն էր վերջին գրեթէ տասը տարուան ընթացքին,– երկու երկիրները ռազմավարական գործընկերութիւն կնքած են: Այսպէսով, Գանատայի ներկայի ղեկավարութիւնը կը ջանայ այլազանել առեւտուրը՝ նուազեցնելով կախեալ հանգամանքը երկրի մեծագոյն առեւտրական գործընկերոջմէն՝ ԱՄՆ-էն:

Անցեալ շաբաթ Մարք Գարնի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին իր ելոյթին մէջ յայտարարած էր, ի միջի այլոց, որ կանոններու վրայ հիմնուած «հին աշխարհակարգը արդէն պիտի չվերադառնայ», եւ նուազ մեծ երկիրներուն կոչ ըրած էր միաւորուելու՝ պաշտպանելու իրենց շահերը «մեծ տէրութիւններուն» հետ պայքարին մէջ:

“Մեծ տէրութիւնները սկսած են օգտագործել տնտեսական համարկումը իբրեւ զէնք, մաքսատուրքերը՝ իբրեւ ազդեցութեան լծակ, ֆինանսական կառոյցը՝ իբրեւ պարտադրման միջոց, իսկ մատակարարումներու շղթաները՝ իբրեւ խոցելի կէտեր, զորս կարելի է օգտագործել ի շահ իրենց”,– ընդգծած էր Գանատայի վարչապետը:

Անցեալ տարի իշխանութեան վերադառնալէ ետք, Տանըլտ Թրամփ քանիցս Գանատան անուանած է «51-րդ նահանգ» եւ սպառնացած է միաւորել զայն ԱՄՆ-ու հետ «տնտեսական ուժի» օգնութեամբ: