«Stratfor» ի՞նչ կը կանխատեսէ Հայաստանի համար այս տարի
Ամերիկեան հեղինակաւոր ուղեղային կեդրոններէն (think tank) «Stratfor»-ը քանի մը օր առաջ հրապարակած է իր տարեկան կանխատեսումը 2026-ի համար, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններուն։
Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանն ու Ազերպայճանը համեստ քայլերու պիտի ձեռնարկեն՝ նախորդ տարի խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու համար, այդպէսով նուազեցնելով նոր պատերազմի մը վտանգը։ Երկու երկիրները, հաւանաբար, զգուշութեամբ պիտի շարունակեն առեւտրային յարաբերութիւնները եւ պիտի փորձեն վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել, բայց՝ առեւտրային չափաւոր համագործակցութեան միջոցաւ, եւ ոչ թէ տնտեսական համապարփակ համարկման։
Ներքին կեանքին մէջ, ըստ «Stratfor»-ի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանրային ծաւալող դժգոհութեան պիտի բախի՝ գլխաւորաբար Ազերպայճանին կատարուող ենթադրեալ զիջումներուն եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ լարուած յարաբերութիւններուն պատճառով։
Իբրեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական ստորագրման նախապայման՝ Ազերպայճանի պահանջած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւս պիտի շարունակէ հանրային խիստ դժգոհութիւն յառաջացնել երկրին մէջ. ուստի Փաշինեան, հաւանաբար, պիտի փորձէ այդ հարցով հանրաքուէի կազմակերպումը յետաձգել Յունիսին սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։
Եթէ Փաշինեան չվերընտրուի, խաղաղութեան պայմանագրի ճակատագիրը աւելի անորոշ պիտի դառնայ, կը կարծեն կեդրոնի վերլուծաբանները, սակայն եթէ ան պահպանէ իշխանութիւնը, TRIPP-ի՝ իրագործումը առաջնահերթութիւն պիտի դառնայ իրեն համար՝ այս համաձայնութենէն շօշափելի օգուտներ քաղելու եւ զանոնք ի ցոյց դնելու նպատակով։
«Stratfor»-ի գնահատմամբ՝ Պաքուն աւարտին պիտի հասցնէ Իրանի տարածքով TRIPP-ին զուգահեռ երկարող Արազի միջանցքի իր հատուածին կառուցումը, իսկ TRIPP-ը պիտի պահէ իր ձեռքին մէջ որպէս ճնշման լծակ եւ այլընտրանք, եւ այդպէսով պիտի փորձէ դուրս ձգել Հայաստանը տարածաշրջանային համարկումէն, եթէ Երեւանը չհամաձայնի համագործակցութեան։
Կեդրոնին կանխատեսումով՝ Ռուսաստան պիտի փորձէ խոչընդոտել TRIPP-ի իրագործումը, սակայն տարածաշրջանային դիրքերու տկարացումը պիտի սահմանափակէ Մոսկուայի կարողութիւնը՝ կանխելու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազերպայճանի փարումը դէպի Արեւմուտք։
