ԵԽԽՎ-ի ընդունած բանաձեւով կոչ կ’ուղղուի Ազերպայճանին՝ ազատ արձակելու բոլոր հայերը
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար եւ ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Յունուար 26-ին տեղեկացուցած է, թէ Սթրազպուրկի մէջ ընդունուած է ԵԽԽՎ-ի «Վեհաժողովի դիտարկման ընթացակարգի յառաջընթացը» անուանումով բանաձեւը, ուր անդրադարձ կայ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն։
Ռուբինեան Դիմագիրքի իր պաշտօնական էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Քիչ առաջ Սթրազպուրկի մէջ ընդունուեցաւ ԵԽԽՎ-ի “Վեհաժողովի դիտարկման ընթացակարգի յառաջընթացը» անուանումով բանաձեւը, ուր Հայաստանին վերաբերող հատուածին մէջ, ի միջի այլոց, Վեհաժողովը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ “Եկեղեցւոյ քանի մը հոգեւորականներուն կողմէ իշխանութիւնը բռնագրաւելու ծրագրերուն մասին տեղեկութիւններուն առնչութեամբ”, իսկ Ազերպայճանին վերաբերող հատուածին մէջ, ի միջի այլոց, կոչ կ’ուղղուի ազատ արձակելու հոն պահուող բոլոր հայերը»։
