Կարգալոյծ հռչակուած է Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը
Յունուար 27-ին, կարգալոյծ հռչակուած է Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը։ Այս որոշումէն քանի մը վայրկեան առաջ Մայր Աթոռը հաղորդած է, որ նոյն օրը տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով եւ թէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին առաջարկ ներկայացուած է՝ կարգալոյծ հռչակելու Գէորգ եպիսկ. Սարոյեանը։
Մայր Աթոռի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, ընդառաջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի 2026 Յունուար 27-ի որոշումին, հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակած է Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը»։
Կը հաղորդուի, որ կարգալուծութեան համար հիմք ծառայած է այն հանգամանքը, որ «ան վիճարկած է Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատ կացուցուելու եւ Մայրավանք վերադառնալու վերաբերեալ Հայրապետական տնօրինութիւնը՝ խոչընդոտելով Մասեացոտնի թեմի բնականոն գործունէութիւնը եւ դատական իր դիմումով առիթ ու պայման ստեղծած է իշխանութեան պատկան կառոյցներուն՝ ներեկեղեցական կեանքին միջամտելու։ Գէորգ եպիսկ. Սարոյեան կանոնական շեղումներով եւ կարգազանց գործողութիւններով դրժած է հնազանդութեան ուխտը»,– կը նշուի Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ։
Արձագանգելով կարգալուծութեան որոշման՝ Կաթողիկոսին հրաժարականը պահանջող, վարչապետի կուսակից, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ գրած է.
«Գէորգ Սրբազանը կը շարունակէ մնալ եպիսկոպոս եւ թեմակալ առաջնորդ։ Կտրիճ Ներսիսեանը Կաթողիկոս չէ, սովորական ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ է եւ ՊԱԿ-ի (KGB) գործակալի եղբայր, հետեւաբար չի կրնար որեւէ որոշում կայացնել որեւէ մաքրակենցաղ, իրական հոգեւորականի վերաբերեալ»,– նշուած է Ռուբինեանի գրառման մէջ։ ■
