Կարգալոյծ հռչակուած է Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը

Մասեացոտն

Յունուար 27-ին, կարգալոյծ հռչա­կուած է Գէորգ եպիս­կո­պոս Սա­րոյեանը։ Այս որո­շու­մէն քանի մը վայրկեան առաջ Մայր Աթո­ռը հա­ղոր­դած է, որ նոյն օրը տե­ղի ու­նե­ցած է Գե­րագոյն հո­գեւոր խոր­հուրդի ժո­ղով եւ թէ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսին առա­ջարկ ներ­կա­յացո­ւած է՝ կար­գա­լոյծ հռչա­կելու Գէորգ եպիսկ. Սա­րոյեանը։

Մայր Աթո­ռի տա­րածած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ նշո­ւած է. «Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը, ըն­դա­ռաջ Գե­րագոյն հո­գեւոր խոր­հուրդի 2026 Յունուար 27-ի որոշ­ումին, հայ­րա­պետա­կան տնօ­րինու­թեամբ կար­գա­լոյծ հռչա­կած է Տ. Գէորգ եպիս­կո­պոս Սա­րոյեանը»։

Կը հա­ղոր­դո­ւի, որ կար­գա­լու­ծութեան հա­մար հիմք ծա­ռայած է այն հան­գա­ման­քը, որ «ան վի­ճար­կած է Մա­սեացոտ­նի թե­մի առաջ­նորդի պաշ­տօ­նէն ազա­տ կացուցուե­լու եւ Մայ­րա­վանք վե­րադառ­նա­լու վե­րաբե­րեալ Հայ­րա­պետա­կան տնօ­րինու­թիւնը՝ խո­չըն­դո­տելով Մա­սեացոտ­նի թե­մի բնա­կանոն գոր­ծունէու­թիւնը եւ դա­տական իր դիմումով առիթ ու պայ­ման ստեղ­ծած է իշ­խա­նու­թեան պատ­կան կա­ռոյցնե­րուն՝ նե­րեկե­ղեցա­կան կեան­քին մի­ջամ­տե­լու։ Գէորգ եպիսկ. Սա­րոյեան կա­նոնա­կան շե­ղումնե­րով եւ կար­գա­զանց գոր­ծո­ղու­թիւննե­րով դրժած է հնա­զան­դութեան ուխտը»,– կը նշո­ւի Մայր Աթո­ռի հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։

Ար­ձա­գան­գե­լով կար­գա­լու­ծութեան որոշ­ման՝ Կա­թողի­կոսին հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջող, վար­չա­պետի կու­սա­կից, Ազգային ժողովի փոխ­նա­խագահ Ռու­բէն Ռու­բի­նեան Դի­մագիր­քի իր էջին վրայ գրած է.

«Գէորգ Սրբա­զանը կը շա­րու­նա­կէ մնալ եպիս­կո­պոս եւ թե­մակալ առաջ­նորդ։ Կտրիճ Ներ­սի­սեանը Կա­թողի­կոս չէ, սո­վորա­կան ընդդի­մադիր քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ է եւ ՊԱԿ-ի (KGB) գոր­ծա­կալի եղ­բայր, հե­տեւա­բար չի կրնար որե­ւէ որո­շում կայացնել որե­ւէ մաք­րա­կեն­ցաղ, իրա­կան հո­գեւո­րակա­նի վե­րաբե­րեալ»,– նշո­ւած է Ռու­բի­նեանի գրառ­ման մէջ։ ■