Ֆրանսայի օդուժը յարգանքի տուրք մատուցեց Անդրանիկ Սարգիսեանի եւ Քանթէն Քլիսի յիշատակին
Անդրանիկ Սարգիսեանի աճիւնը
Ֆրանսայի օդուժը Նոյեմբեր 3-ին, Նանսի-Օշէի զինուորական օդակայանին մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց հայազգի գնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեանի եւ հարիւրապետ Քանթէն Քլիսի յիշատակին։ Երկու զինուորականները զոհ գացած էին Հոկտեմբեր 20-ին, Մէօրթ-է-Մոզէլ նահանգի Ռոժեւիլ շրջանին մէջ պատահած արկածին, երբ գիշերային մարզում կատարող իրենց Mirage 2000D հալածիչը ջախջախուած էր։

Զինուորական արարողութեան ներկայ էին զոհերուն ընտանիքները, հարազատները, զինակիցները եւ բարձրաստիճան սպաներ։ Ֆրանսական եռագոյնով ծածկուած երկու դագաղները բերուեցան օդակայանի հանդիսութեանց հրապարակը, ուր զոհուած զինուորականները յետմահու արժանացան Ազգային արժանեաց շքանշանին. Անդրանիկ Սարգիսեան՝ սպայի, իսկ Քանթէն Քլիս՝ ասպետի աստիճանով։
44-ամեայ Անդրանիկ Սարգիսեան փորձառու զինուորական օդաչու եւ սպառազինութեան համակարգերու մասնագէտ էր։ Ֆրանսայի օդուժին մէջ իր աւելի քան քսան տարուան ծառայութեան ընթացքին ան մասնակցած էր 55 մարտական առաքելութիւններու՝ Աֆղանիստանի եւ ափրիկեան շարք մը երկիրներու մէջ, եւ ունէր 2200 ժամ թռիչքի փորձառութիւն։
Իր զինակիցը՝ Քանթէն Քլիս, երիտասարդ մարտական օդաչու մըն էր, որ կը շարունակէր իր մասնագիտական պատրաստութիւնը։
Ֆրանսայի օդուժի սպայակոյտի պետ զօրավար Ժերոմ Պելանժէ յուզիչ խօսքերով ոգեկոչեց երկու զինուորականներուն յիշատակը՝ արժեւորելով անոնց ծառայութիւնն ու նուիրումը։
Կը շարունակուին քննութիւնները պարզելու համար արկածին պատճառները։
