ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Յանուն հայրենիքի զոհուածներու յիշատակի եւ խոնարհումի օր
Screenshot
Յունուար 27-ին, Հայաստանը յարգանքի տուրք կը մատուցէր հայրենիքի պաշտպանութեան համար մարտի դաշտին վրայ ինկած իր զաւակներուն։ Սգատօնին առթիւ Յունուար 27-ի առաւօտեան Եռաբլուր այցելած են Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ՝ խոնարհելով նահատակներու շիրիմներուն առջեւ։
Նախապէս «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելած է նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու նահատակներու անմար յիշատակին։
Հայ ժողովուրդին սուգին ու խոնարհումին միացած են նաեւ օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւնները։ Յատկապէս, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած է. «Այսօր՝ Յունուար 27-ին, Հայաստանը յարգանքի տուրք կը մատուցէ հայրենիքի համար մարտի դաշտին վրայ ինկած իր զաւակներուն։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը կը միանայ հայ ժողովուրդին»։
ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի ամբողջական ուղերձը՝ օրուան առթիւ
«Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,
Յանուն հայրենիքի զոհուածներու յիշատակի եւ խոնարհումի օրն է այսօր։ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ ան սահմանուած է մեր երկրի բանակի տօնի նախօրեակին եւ քաղաքացիները արդէն սկսած են Յունուար 27-ը անուանել “Երկնային բանակի օր”։
Ժողովրդական այս ձեւակերպման մէջ մեծ սէր կայ, մեր իրականութեան մէջ մեծ սէր կայ յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը տուած նահատակներուն նկատմամբ եւ մեծ պատասխանատւութիւն։
Իւրաքանչիւր ինկած զինուոր մեզմէ իւրաքանչիւրին ընտանիքի անդամը կը դառնայ եւ սա այն ակնյայտ գիտակցութեան բերումով, որ ան զոհուած է յանուն մեզի, յանուն մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Յանուն հայրենիքի զոհուածներու յիշատակը եւ անոնց առջեւ խոնարհիլը մեր պարտքն է, սա է պատճառը, որ յիշատակի պետական օր սահմանուած է։
Բայց այս օրէն անդին մեր պատասխանատւութիւնը չի նուազիր, այլ ընդհակառակն՝ կ՚աւելնայ պատասխանատւութիւնը այն բանին համար, որ մեր նահատակներուն զոհողութիւնները ի զուր չըլլան։ Մեզի պատահած աղէտներէն ետք ամէն օր, Աստուծոյ ամէն օր Կառավարութիւնն ու խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ջանք գործադրած են՝ գտնելու շատ կարեւոր հարցի մը պատասխանը. իսկ ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ մեր նահատակներուն զոհողութիւնները ապրեցնող ըլլան եւ ոչ թէ կոտրող։
Այս հարցին տրուած է յստակ եւ աներկբայ պատասխան. մեր նահատակները ինկած են, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարձրանայ։ Եւ, հետեւաբար պետութիւնը՝ զարգացած, ուժեղ, անվտանգ, բարեկեցիկ ու երջանիկ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է մեր նահատակներու յիշատակը ամենածանրակշիռ կերպով յաւերժացնող եւ անոնց յետնորդները ապրեցնող ամենատեսանելի յուշարձանը։
Եւ մենք այսօր կեդրոնացած ենք ճիշդ այս խնդրին վրայ. Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնը, մեր պետականութեան ու անոր հաստատութիւններու ուժեղացումը, պետութիւնը քաղաքացիներու անվտանգութեան ու բարեկեցութեան աշխատող գործիք դարձնելը, մեր երկրի անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ամրացնելը, երկրային բանակի շարունակական զարգացումն է այն ընելիքը, որ մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ նայելու դէպի երկինք՝ մեր երկնային բանակին եւ ժպիտ ստանալու ի պատասխան։
Սիրելի՛ իմ եղբայրներ եւ քոյրեր, Դուք ի զուր չէք ինկած, Ձեր զոհողութիւնը նոր գիտակցութիւն ստեղծած է, Ձեր զոհողութիւնը բացած է մեր աչքերը, պարզած է մեր միտքը, ամրացուցած է մեր կամքը՝ ուժեղացնելու մեր պետութիւնը, կերտելու պետականակեդրոն ճանապարհ մը, որ բարեկեցութեան, անվտանգութեան, երջանկութեան, խաղաղութեան ճանապարհն է Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր քաղաքացիներուն համար։
Արցունքներու մէջէն մենք կը ժպտինք Ձեզի եւ կը խոնարհինք Ձեր հարազատներուն առջեւ։ Եւ ծունկի կու գանք Ձեր առջեւ։ Եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»։ ■
