Եւրոպայի խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ նշուած է Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակը

ԵԽ-25-ամեակ

Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) կեդրոնատեղիին մէջ Յունուար 28-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ԵԽ-ի Ընդհ. քարտուղար Ալէն Պերսէն։

Նախարար Միրզոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է անցնող քառորդ դարու ձեռքբերումներուն՝ շեշտելով, որ այդ տարիները յատկանշուած են քաղաքական եւ իրաւական լայնածաւալ բարեփոխումներով։ Ան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ եւրոպական չափանիշերուն համապատասխան ամրապնդելու ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հիմնասիւները, ինչ որ էական դեր խաղացած է երկրի դիմադրականութեան բարձրացման եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան տեսլականի ձեւաւորման մէջ։

Յոբելինական այս առիթով նախարարը Ընդհ. քարտուղարին յանձնած է խորհրդանշական նուէր մը՝ 12-րդ դարու օրէնսդիր Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»-ին ձեռագիր վերարտադրութիւնը։ Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայ իրաւական մտքի այդ հիմնաքարը դարեր առաջ արդէն իսկ ամրագրած էր իրաւունքի գերակայութեան այն սկզբունքները, որոնք այսօր կը կազմեն Եւրոպայի խորհուրդի արժեհամակարգին առանցքը։