(Գրեթէ) անհաւատալի պնդում մը. «Սպիտակ տունը շփումներու մէջ է գանատացի անջատողականներու հետ»
Գրած էինք, թէ վերջերս բաւական լարուած են ԱՄՆ-ու եւ Գանատայի յարաբերութիւնները, թէ Թրամփ Գանատայի վարչապետը «նահանգապետ» անուանած է, իսկ վերջինս Տաւոսի մէջ շատ խիստ ելոյթ մը ունեցած է ԱՄՆ-ու նկատմամբ եւ այլն։
Այս համայնապատկերին մէջ, Financial Times թերթը կը գրէ, թէ ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի վարչակազմը ուղղակի շփումներու մէջ է Գանատայի Ալպերթա նահանգը անկախ պետութիւն հռչակելու կողմնակիցներուն հետ։
Թերթին տեղեկութիւններով՝ 2025-ի Ապրիլէն ի վեր «Ալպերթայի բարգաւաճման ծրագիր» անջատողական շարժումին ներկայացուցիչները երեք անգամ հանդիպում ունեցած են ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն հետ։
«Հանդիպում մը եւս նախատեսուած է Փետրուարին։ Անոր ընթացքին անջատողականները կը պատրաստուին Միացեալ Նահանգներէն 500 միլիոն տոլար վարկ խնդրել՝ անկախութեան հանրաքուէի կայացման պարագային Ալպերթայի կարիքները հոգալու նպատակով»,– կը գրէ Financial Times-ը։
Սպիտակ տունը հաստատած է հանդիպումներուն մասին լուրը՝ նշելով սակայն, որ Ուաշինկթըն որեւէ աջակցութիւն չի ցուցաբերեր «Ալպերթայի բարգաւաճման ծրագիր»-ին։
Յիշեցնենք, որ Ալպերթան Գանատայի մեծութեամբ չորրորդ նահանգն է, հարուստ՝ նաւթային պաշարներով եւ բնական կազով։
