Հայկական բանակը 34 տարեկան է

ԲԱՆԱԿ

Յունուար 28-ին Հայկական բանակի կազմաւորման 34-րդ տարեդարձն էր։

1991 Դեկտեմբեր 5-ին, Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրամանագիրով Պաշտպանութեան նախարար նշանակուեցաւ Վազգէն Սարգսեանը։ Ան նորանկախ Հայաստանի Պաշտպանութեան առաջին նախարարն էր՝ առանց նախարարութեան։

1992 Յունուար 28-ին, կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» որոշումը՝ ատով իսկ իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց ազգային բանակի ստեղծումը։

Իսկ 1994 Յունիսէն սկսեալ վերջնականապէս ընթացք առին բանակաշինութեան, կայուն զարգացման, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, միջին եւ բարձր սպայական անձնակազմի պատրաստութեան ու վերապատրաստման աշխատանքները։

Հայաստանի զինուած ուժերու տօնը սահմանուած է 2001 Յունուար 6-ին՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքով։ 2002-ին օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններով՝ ան հռչակուած է ոչ-աշխատանքային օր։