Բանակի օրուան իր ուղերձին մէջ, Փաշինեան կրկին քննադատած է ՀԱՊԿ-ն
Screenshot
«Ակնյայտ էր, որ մեր պետականութիւնը վերացնելու որոշում առնուած էր»
«Վերջին տարիներուն հսկայական ներդրումներ եւ բարեփոխումներ կատարուած են Հայաստանի բանակին մէջ, ձեռք բերուած է մեծ քանակութեամբ արդիական սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր, այնպիսի որակի եւ չափանիշերու, որ մեր բանակը երբեք չէ ունեցած»։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հայաստանի Զինուած ուժերու կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին առթիւ յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ։
«Ասոր համար ծախսուած են նիւթական մեծ միջոցներ, որովհետեւ ձեռք բերուած սպառազինութիւնը թանկարժէք է եւ մեծաքանակ»,– նշած է վարչապետը՝ աւելցնելով. «Բայց նաեւ պէտք է պատասխան տրուի շատ կարեւոր հարցումի մը. իսկ ինչո՞ւ նոյնը չէ կատարուած 2018, 2019, 2020, 2021, 2022 թուականներուն»։
«Սպառազինութեան եւ ռազմական այլ սարքերու վաճառքի կարողականութիւն ունեցող միջազգային մեր գրեթէ բոլոր գործընկերները քաղաքավարութեամբ կը մերժէին զէնք վաճառել Հայաստանի Հանրապետութեան՝ երկու հիմնական պատճառաբանութեամբ.
1. Վստահ չէին, որ այդ զէնքը պիտի չտեղակայուէր Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն դուրս։
2. Վստահ չէին, որ այդ զէնքերուն գաղտնի տուեալները հասանելի պիտի չդառնային ՀԱՊԿ-ին, որուն Հայաստանի անդամակցութիւնը նոյնպէս խոչընդոտ էր նման գործարքներ կնքելու համար։
Իսկ ՀԱՊԿ-ի գործընկերները, 2022 Սեպտեմբերի դրութեամբ, կը մերժէին կատարել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը երաշխաւորելու՝ մեզի հանդէպ ունեցած պայմանագրային պարտաւորութիւնները։ Կը մերժէին նաեւ մատակարարել հարիւրմիլիոնաւոր տոլարի սպառազինութիւն եւ այլ սարքեր, որոնց համար վճարումները Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն կատարած էր»,– ըսած է ան։
«Սա գոյութենական սպառնալիք էր Հայաստանի Հանրապետութեան համար եւ ակնյայտ էր, որ մեր պետականութիւնը վերացնելու, մեր ինքնիշխանութիւնը զերոյացնելու որոշում կայացուած է»,– պնդած է Նիկոլ Փաշինեան, շարունակելով. «Այս օրհասական վտանգը յաղթահարուեցաւ երկու վճռական իրադարձութիւններու շնորհիւ. 2022 Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ քառակողմ ձեւաչափով ձեռք բերուած քաղաքական պայմանաւորուածութեան, ըստ որուն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազերպայճանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ, եւ ՀԱՊԿ-ին՝ Հայաստանի անդամակցութեան սառեցման։ Այս ռազմավարութիւնը մենք հետեւողականօրէն պիտի շարունակենք»։
