Փաշինեան. «Հայաստանի մէջ կա՛յ Արարատի մարզը, բայց չկա՛յ Արարատ լեռ»
Վարչապետը խօսած է նաեւ ուժանիւթի եւ եկեղեցւոյ մասին
Յունուար 29-ին, վարչապետ Փաշինեան կարճ մամլոյ ասուլիս մը տուած է, որու ընթացքին ըրած յայտարարութիւնները դարձեալ շատ մելան պիտի հոսեցնեն … անկասկած։
Վարչապետը անդրադարձած է երկրին ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող շարք մը կարեւոր հարցերու։
Սկսելով Արարատ լեռան առնչուող բանավէճէն՝ ան շեշտած է, որ այդ մէկը պետութիւն ունենալու կամ չունենալու հարց է։ Ան յստակացուցած է. “Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ Արարատ, եւ այդ Արարատ խոշորացուած համայնքն է ու Արարատի մարզը, իսկ Արարատ լեռ չկայ Հայաստանի մէջ”։ Այլ խօսքով, ըստ վարչապետին՝ Արարատ լեռան նկատմամբ ազգային յաւակնութիւններ ունենալը վտանգ կը յարուցէ Հայաստանի գոյութեան իսկ։
Խօսելով տարածաշրջանային համագործակցութեան մասին, Փաշինեան ճիշդ նկատած է, որ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգը միանայ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանին, ինչպէս միացած է Վրաստանին ու Իրանին։ Ըստ իրեն, ատկէ ոչ մէկ սպառնալիք կրնայ յառաջանալ Հայաստանի համար, այլ ընդհակառակն՝ կը ստեղծուին նոր կարելիութիւններ եւ եկամուտներ։ Վարչապետը սա կը դիտէ մա՛նաւանդ որպէս խաղաղութեան ամրապնդման միջոց, որ պիտի ընդլայնէ նաեւ արտածման կարելիութիւնները։
Անդրադառնալով Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան հերքած է Պետութեան՝ Եկեղեցւոյ հետ որեւէ հակամարտութեան գոյութիւնը։ Ան պնդած է, որ խնդիրը Եկեղեցւոյ մէջ «իշխանութիւնը բռնի իւրացուցած» անձին հետ է, որ չի կրնար այդ պաշտօնը վարել, եւ կառավարութիւնը օրինական բոլոր միջոցներուն պիտի ձեռնարկէ զայն իր «ոչ-արժանի տեղէն» դուրս բերելու համար։
