Աւստրիոյ ժողովին ընդառաջ՝ մեղադրանք եւ երկրէն բացակայելու արգելք Մայր Աթոռի 7 հոգեւորականներու նկատմամբ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի վեց եպիսկոպոսներ (Մակար, Յովնան, Նաթան, Հայկազուն, Մուշեղ եւ Վահան սրբազանները) եւ մէկ քահանայ (Տէր Մովսէսը) ներգրաւուած են որպէս մեղադրեալներ։ Քննչական կոմիտէի որոշումով՝ անոնց նկատմամբ կիրարկուած է խափանման միջոց՝ երկրէն բացակայելու արգելք։
Հոգեւորականները կը մեղադրուին դատական որոշումի մը գործադրումը խոչընդոտելու յանցանքով։ Խօսքը Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանին կը վերաբերի. դատարանը որոշած էր զինք վերականգնել պաշտօնին մէջ, սակայն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստէն ետք, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, ան կարգալոյծ հռչակուեցաւ։
Փաստաբանները կը պնդեն, որ այս քայլին հիմնական նպատակը Փետրուարի կէսերուն Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովը տապալելն է։ Արգելքին պատճառով՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները պիտի չկարենան մեկնիլ Հայաստանէն եւ մասնակցիլ ժողովին։
Հոգեւորականներուն արձագանգը
Հարցաքննութեան կանչուած հոգեւորականները մեղադրանքը «անհեթեթ» եւ «հակաեկեղեցական» որակած են։
Մակար Սրբազան յայտնած է, որ իրենք ուխտած են հնազանդիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, եւ այդ հոգեւոր ուխտը վեր է աշխարհիկ դատարաններու որոշումներէն։
Տէր Մովսէս քահանայ նշած է, որ վերջին շրջանին հոգեւորականները քննչական մարմիններ կանչելը դարձած է «անհեթեթ» եւ յստակ ճնշում՝ եկեղեցւոյ դէմ։
Մայր Աթոռը կը դատապարտէ «իշխանութիւններուն յաջորդական միջամտութիւնը եկեղեցւոյ ներքին գործերուն»
«Մայր Աթոռը խստօրէն կը դատապարտէ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու բացայայտ խախտումներով իշխանութիւններուն յաջորդական միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, որով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է եւ քրէական հետապնդում յարուցուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հոգեւորական անդամներուն նկատմամբ՝ դատական որոշումի գործադրումը խոչընդոտելու մեղադրանքով»,– ըսուած է Մայր Աթոռի այս մասին հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
«Այս դատապարտելի գործընթացը մեր պետութեան օրէնքներով եւ միջազգային պայմանագրերով ամրագրուած մարդու հիմնական իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում է, որուն նպատակն է խաթարել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութիւնը, մասնաւորաբար՝ յառաջիկային Աւստրիոյ մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսական ժողովի աշխատանքները։ Մայր Աթոռը կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ իրաւապահ համակարգին՝ գործելու բացառապէս ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջանակներուն մէջ, արդարութեան եւ ճշմարտութեան բարձրագոյն սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ եւ յարգելու Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան իրաւունքը»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
