ԱՆԹՈՆԻ — Ֆրանսուա Տէվէճեանի հանրային հաւաքը՝ ներկայացնելու համար իր «Համախմբել, Կառուցել, Փոխանցել» ծրագիրը
Ֆրանսուա Տէվէճեանի կողմէ կազմակերպուած տեղեկատուական եւ երկխօսութեան հաւաք մը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Յունուար 28, երեկոյեան ժամը 20-ին, Անթոնիի (Հօ-տը-Սէն) Ֆրանսահայ ակումբի կեդրոնին մէջ։ Այս հանդիպումը կը կայանար CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն նուիրուած իր քարոզարշաւի ծիրէն ներս։

Հաւաքին ներկայ էր բազմաթիւ հասարակութիւն մը՝ բաղկացած հայ համայնքի անդամներէ եւ համակիրներէ։ Նպատակն էր CCAF-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ զօրաշարժի ենթարկել հայերը, բայց ոչ միայն. հրաւէրը ուղղուած էր բոլոր անոնց, որոնք խորապէս մտահոգ են ֆրանսահայ համայնքի եւ Հայաստանի ապագայով։

Հայաստանի եւ Սփիւռքի վրայ կեդրոնացած «Համախմբել, Կառուցել, Փոխանցել» նիւթին շուրջ Ֆրանսուա Տէվէճեանի կողմէ կատարուած ծրագրի հակիրճ տեսողական ներկայացումէն ետք, տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաւական երկար եւ աշխուժ բաժին մը (կից կը գտնէք յօդուածագրիս հարցումներն ու անոնց տրուած պատասխանները)։ Երեկոյթի ընթացքին, Անթոնիի ներկայի քաղաքապետ Ժան-Իվ Սենան արագ այցելութիւն մը տուաւ՝ յաջողութիւն մաղթելու Ֆրանսուա Տէվէճեանին։

Հանդիպումը աւարտեցաւ կոչով մը՝ անհատապէս արձանագրուելու ընտրացանկերուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ելեկտրոնային քուէարկութեան մասնակցիլ 2026-ի Փետրուար 6-ին, 7-ին եւ 8-ին։
Շանթ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ
***
Հարցում – CCAF-ի կանոնադրային բարեփոխումը, որ կը ներկայացուի իբրեւ ժողովրդավարական կարեւոր քայլ, այնուամենայնիւ ներկայացուցչականութեան տեսանկիւնէն էական հարց մը կը յառաջացնէ։ CCAF-ի Ազգային խորհուրդի անդամներու ընտրութեան խառնաձեւ եղանակը արդեօք անհաւասարութիւն չի՞ ստեղծեր ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցչութեան մէջ։ Քանի որ CCAF-ին մաս կազմող միութիւններու անդամները արդէն իսկ ներկայացուած են իրենց պատգամաւորներով, իսկ երբ այդ նոյն անդամները անհատապէս կ՚արձանագրուին նաեւ Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն, անոնք փաստօրէն երկրորդ անգամ կը ներկայացուին։ Սա զիրենք աւելի նպաստաւոր դիրքի մէջ չի՞ դներ՝ բաղդատած Անհատներու ժողովի այն անդամներուն հետ, որոնք CCAF-ին մաս կազմող որեւէ միութեան անդամ չեն։
Ֆրանսուա Տէվէճեան – Պէտք է զանազանել միութիւնները զանոնք բաղկացնող ֆիզիքական անձերէն։ Սա է այս բարեփոխումին ամբողջ նպատակը։ Իրենց յստակ առաքելութիւնը ունեցող միութիւններու կողքին, զանոնք կազմող անհատները կրնան ունենալ աւելի լայն կամ տարբեր ձգտումներ։ Իւրաքանչիւր ոք պէտք է կարենայ արտայայտուիլ թէ՛ իր միութեան ներսը, թէ՛ անձնական գետնի վրայ։ Չկայ ո՛չ անհամատեղելիութիւն, ո՛չ ալ մէկուն կամ միւսին գեր-ներկայացուցչութիւն։ Սա քիչ մը կը նմանի Ամերիկայի սահմանադրութեան, որ կը նախատեսէ Ծերակոյտ մը՝ դաշնակցային նահանգները ներկայացնող, եւ Ներկայացուցիչներու պալատ մը՝ որ անմիջականօրէն կը ներկայացնէ ամերիկացի ժողովուրդը։ Յամենայն դէպս, ես այսպէս կը տեսնեմ CCAF-ը, որ պէտք է յենի հաւասարապէս թէ՛ միութիւններուն եւ թէ՛ անհատներուն վրայ. անոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ ոչ թէ կը հակասեն իրարու։ Այսուհանդերձ, այս քարոզարշաւը նաեւ ցոյց կու տայ, որ այս նիւթը տակաւին մշակման եւ բարելաւման կարիք ունի։ Սա բարդ եւ նուրբ աշխատանք մըն է, որ մենք, անշուշտ, մտադիր ենք քննարկել CCAF-ի բոլոր անդամներուն հետ։
Հ. – Ձեր կարծիքով, իւրայատուկ կանոնադրական տարբերութիւն մը կա՞յ Անհատներու ժողովի ներկայացուցիչին եւ Միութիւններու ժողովի ներկայացուցիչին միջեւ։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ Անհատներու ժողովին յատուկ ծրագիրը՝ բաղդատած Միութիւններու ժողովի ծրագրին։
Ֆ. Տ. – Գոյութիւն ունին առանձին ժողովներ՝ ընտրելու համար Ազգային խորհուրդի՝ միութիւնները ներկայացնող անդամները եւ անհատները ներկայացնող անդամները, սակայն, անգամ մը որ ընտրուին, այդ անդամները բոլորն ալ ունին միեւնոյն լիազօրութիւնն ու կարգավիճակը։ Հետեւաբար, տարբեր ծրագրեր ունենալու հարկ չկայ։ Ընդհակառակն, մենք բոլորս պէտք է միասին աշխատինք՝ յանուն ընդհանուր շահին։ Համաձայն CCAF-ի կանոնադրութեան 7.2 յօդուածի տրամադրութիւններուն՝ Ազգային խորհուրդի անդամները պէտք է հաւաքաբար ճշդեն CCAF-ի գլխաւոր ուղղութիւններն ու ընդհանուր քաղաքականութիւնը։
Հ. – Ձեր ցանկին ծրագիրը չի պարունակեր ո՛չ թուային տուեալներով նպատակներ, ո՛չ պիւտճէ եւ ո՛չ ալ յստակ ժամանակացոյց։ Ընդհանուր նպատակներէն անդին, կրնա՞ք աւելի յստակ մանրամասնութիւններ տալ որոշ ծրագրերու մասին, զորս մտադիր էք իրագործել։
Ֆ. Տ. – Մեր ծրագիրը յաւակնոտ է, որովհետեւ նախ եւ առաջ կը պահանջէ արդի աշխարհի չափանիշերուն համապատասխանող կառավարում, յատկապէս՝ թափանցիկութեան առումով։ Այսօր մենք տեսանելիութիւն չունինք CCAF-ի կազմակերպչական կամ հաշուապահական վիճակին, քանի որ գործունէութեան տեղեկագիր չի պատրաստուիր։ Ուստի դժուար էր նման պայմաններու մէջ սահմանել պիւտճէ կամ թուային նպատակներ։ Մեր առաջին եւ ամենայստակ յանձնառութիւնը կառավարման բարելաւումն է, քանի որ այդ մէկը վստահութեան անհրաժեշտ նախապայմանն է. գործունէութեան տեղեկագիր մը, որ կ՚ընդգրկէ CCAF-ի ֆինանսական դրութիւնը, շահերու բախման կառավարում, հաւասարակշռութիւն եւ այլն։ Մենք ունինք նաեւ շօշափելի նպատակ՝ ստեղծելու տարածաշրջանային CCAF-ներ Ֆրանսայի 13 պաշտօնական շրջաններուն մէջ (ներառեալ Գորսիքան)։ Սա կ՚ենթադրէ համախմբել բոլոր շրջաններու միութենական ցանցը, քննարկել եւ միասին կառուցել ազգայինի եւ տարածաշրջանայինի միջեւ նոր կազմակերպութիւն մը, ուր իւրաքանչիւրը տէրն է իր տան, բայց նաեւ՝ ուր բոլորը կ՚ընթանան նոյն ուղղութեամբ եւ կը սատարեն իրարու։ Ահաւասիկ երկու չափազանց շօշափելի ծրագրեր, որոնց համար մեզի կը սպասէ երկար եւ բարդ աշխատանք։ Կան, անշուշտ, բազմաթիւ այլ ծրագրեր, ինչպէս՝ մասնագէտներու խումբերու ստեղծումը, Հայաստանի պետութեան հետ յարաբերութիւններու առողջացումը՝ որ պէտք է ըլլայ անկախ, վերկուսակցական, յարգալից եւ փոխադարձաբար շահաւէտ, կամ ալ՝ զարգացման ուղիներու ստեղծումը՝ պատրաստելու համար մեր վաղուան ղեկավարները։
Հ. – Նկատի ունենալով Անհատներու ժողովի ներկայացուցիչներուն սահմանափակ թիւը Ազգային խորհուրդէն ներս (ընտրուածներուն մէկ քառորդէն մէկ երրորդը), կը կարծէ՞ք, որ յաղթանակի պարագային ձեր խումբը միջոցները պիտի ունենայ ղեկավարելու կամ ազդելու որոշումներուն վրայ։
Ֆ. Տ. – Այո՛, այդպէս կը կարծենք։ Ընտրութիւններ կազմակերպել՝ յետոյ ըսելու համար, թէ անոնք ոչինչ կը փոխեն, անիմաստ է։ Եթէ մեր ցանկը շահի այս ընտրութիւնները, մենք պիտի ղեկավարենք CCAF-ը յառաջիկայ երեք տարիներուն, եւ չեմ կասկածիր, որ միութիւնները լիովին պիտի յարգեն քուէարկողներուն ընտրանքը։ Փոխադարձաբար, եթէ ներկայի համանախագահները հասնին առաջին դիրքի վրայ, անո՛նք պիտի ղեկավարեն CCAF-ը, իսկ մենք մեր պարտականութիւնը պիտի կատարենք որպէս Ազգային խորհուրդի անդամներ՝ կառուցողական եւ զգօն կերպով, յանուն ընդհանուր շահին։ Ա՛յս է ժողովրդավարութիւնը։
Հ. – Միւս՝ «Միասին՝ Հայաստանի համար» ցանկը կ՚ընդգրկէ CCAF-ի որոշ ղեկավարներ եւ անձնաւորութիւններ, որոնք հայ համայնքի մեծ կառոյցներու գլուխը կը գտնուին՝ ՀՅ Դաշնակցութիւն, ՀԲԸՄ, Կապոյտ Խաչ… ինչ որ կը նշանակէ նաեւ, որ անոնք ունին իրենց նպատակին ի նպաստ քուէարկողներու զանգուած մը։ Դուք ո՞ր ընտրազանգուածին վրայ յոյս դրած էք՝ այս ընտրութիւնները շահելու համար։ Ի՞նչ են ձեր մարդկային, նիւթական եւ քարոզչական աղբիւրները՝ ձեր քարոզարշաւը տանելու համար։
Ֆ. Տ. – Մենք ամէն օր տեղւոյն վրայ կը նկատենք, որ CCAF-ը պէտք է վերականգնէ կապը թէ՛ հայկական միութիւններուն եւ թէ՛ Հայաստանի համակիրներուն հետ։ Ձեր նշած միութիւններուն բոլոր անդամները չեն, որ կը բաժնեն CCAF-ի վարած քաղաքականութիւնը։ Մենք կը դիմենք այդ մարդոց, մենք անոնց կ՚առաջարկենք քալել դէպի նորոգում՝ առանց մերժելու անցեալը։ Այս առաջարկը կը հետաքրքրէ շատերը, մանաւանդ որ Հայ Դատի մարտահրաւէրները արմատապէս փոխուած են 2020-էն ի վեր։ Քուէարկութեան գաղտնիութիւնը՝ շնորհիւ անկախ եւ ապահով հարթակի գործածութեան, իւրաքանչիւրին թոյլ պիտի տայ արտայայտուիլ լիակատար ազատութեամբ։ Բացի ատկէ, ես յոյսս դրած եմ նաեւ այն անձերուն վրայ, որոնք կապուած են հայկական հարցին, բայց մաս չեն կազմեր որեւէ միութեան, կամ ալ անդամ են այնպիսի միութիւններու, որոնք CCAF-ի անդամ չեն։ Համախմբումը չի վերաբերիր միայն անոնց, որոնք արդէն դիրքերու վրայ են, այլ կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք ապագայի ծրագիր կ՚ուզեն, եւ ոչ միայն՝ անցեալի պայքարներ։ Ես կը դիմեմ բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկան CCAF-ի վերանորոգումը, եւ կը խոստանամ իրականացնել զայն։ Ինչ կը վերաբերի մեր միջոցներուն. մեր խումբը կազմուած է զօրաւոր եւ յանձնառու անհատականութիւններէ, որոնք ունին ուշագրաւ մասնագիտական անցեալ՝ իրենց համապատասխան ոլորտներուն մէջ։ Տուեալ սահմանափակ ժամանակին, մեր այդ սեփական միջոցներով յաջողեցանք յառաջ տանիլ քարոզարշաւը։
Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը՝ «ՆՅ»
