Արցախի մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին վանդալութեան ենթարկուած է

Արցախ- եկեղեցի-2

«Գեղարդ» հիմնադրամը ձեռք բերած է փաստական նիւթեր, որոնք ցոյցց կու տան, թէ Ազերպայճան վանդալութեան ենթարկած է Արցախի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։ 

Հիմնադրամի հրապարակման մէջ կ՚ընդգծուի, որ Արցախի մշակութային ցեղասպանութեան ու հայկականութիւնը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը կը շարունակուի առ այսօր։

«Ազերպայճանական վանդալութեան թիրախ դարձած է Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։ Ազերպայճանցիները կոտրած են եկեղեցւոյ բակը գտնուող խաչքարերէն առնուազն մէկը, փրցուցած են եկեղեցւոյ սրբապատկերները։

Ազերպայճան կը շարունակէ հետեւողականօրէն ոչնչացնել հայկական բնիկութեան հետքերը Արցախի մէջ, հաւատարիմ՝ տարածաշրջանային իր յաւակնութիւններուն»։

«Գեղարդ»-ի յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Ցաւալի է, որ «քրիստոնէական արժէքներու պահպանմամբ» շահագրգիռ միջազգային կառոյցներն ու անոնց մէջ ներգրաւուած անձեր կարծէք թէ չեն նկատեր համընդհանուր քրիստոնէական ժառանգութեան մաս կազմող հայկական յուշարձաններու պահպանման հարցին կարեւորութիւնը։

Տարիներէ ի վեր Ազերպայճան միջազգային հարթակներու վրայ կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ “բազմամշակութային” եւ “հանդուրժող” պետութիւն։ Միջազգային հանրութեան համար կերտուած այս արտաքին երեւոյթը միջոց է քօղարկելու Ազերպայճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը, որուն դրսեւորումներէն է այդ պետութեան տարածքին մէջ յայտնուած մշակութային կոթողներու ոչնչացումը կամ իւրացումը»։