«ռէԱրմենիա» ակադեմիան կը սկսի արհեստական բանականութեան (AI) կրթութեան արտածումը. առաջին կանգառը՝ Հնդկաստան
Երեւանի մէջ կայացած համայնքային հանդիպման ընթացքին, «ռէԱրմենիա» (reArmenia) նորաստեղծ ակադեմիան յայտարարած է զարգացման նոր փուլի սկիզբը։ Ակադեմիան յաջողութեամբ աւարտած է ներդրումային առաջին փուլը՝ հաւաքելով 670 հազար ամերիկեան տոլար թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային ներդրողներէ։

Ակադեմիայի հիմնական նպատակներէն է Հայաստանը դարձնել կրթութիւն եւ արհեստագիտութիւն արտածող երկիր։ Այս ծիրէն ներս, արդէն իսկ սկսած է համագործակցութիւնը Հնդկաստանի հետ. 2026 Փետրուարին, հնդիկ գործընկերոջ (Bharatiya Vidya Bhavan) հետ միասին, պիտի սկսի AI-ի (ԱԲ — Արհեստական բանականութիւն) ուսուցման ծրագիրը՝ հնդկերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Ներքին շուկայի մէջ ակադեմիան կը համագործակցի տարբեր կառոյցներու, ինչպէս՝ «Ամերիաբանկ»-ի հետ, իրականացնելով աշխատակիցներու վերապատրաստում։ 2025-ին ակադեմիան կրթութիւն տրամադրած է աւելի քան 9000 հոգիի։
«ռէԱրմենիա»-ի առաքելութիւնն է մինչեւ 2030 թուականը արհեստական բանականութեան գիտելիքներով զինել աւելի քան մէկ միլիոն հայ եւ Հայաստանը դիրքաւորել իբրեւ տարածաշրջանային արհեստագիտական կեդրոն։
