Լաւրով՝ Սիմոնեանին. «Հայաստանը նախկինին պէս Ռուսաստանի դաշնակիցն է»

Screenshot

Screenshot

«Ռուսաստան Հայաստանը կը նկատէ դաշնակից եւ ռազմավարական գործընկեր՝ հակառակ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին»։

Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փետրուար 5-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ բանակցութիւններու բացման ընթացքին։

“Հայաստանը մեր դաշնակիցն է, մեր ռազմավարական գործընկերը։ Մենք կը տեսնենք, թէ որքա՛ն դժուար է իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, բայց իրողութիւնը չի փոխուիր”,– ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը։