Զաթուլին կոչ կ՚ուղղէ՝ ազդելու Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ

Զաթուլին

Ալիեւի առաջարկած 5 միլիառ տոլարը Փաշինեանը առած է”

Ռուսաստանի Պետական Տումայի երեսփոխան Քոնսթանթին Զաթուլին ելոյթ ունեցած է Մոսկուայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ՝ յայտարարելով, թէ եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մնայ իշխանութեան գլուխը, այդ պիտի յառաջացնէ խնդիրներ ոչ միայն Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն, այլեւ՝ ռուս եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ։

Ըստ անոր՝ «երկրորդ ռազմական գործողութեան աւարտէն ետք, Մոսկուա մտադիր է վերանայիլ իր յարաբերութիւնները դրացի երկիրներուն, յատկապէս՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հետ, եւ գործել աւելի կոշտ կերպով»։

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ նախատեսուած են եւ կոչ ուղղած է ներկաներուն՝ որոշ չափով ազդեցութիւն գործելու՝ օգտագործելով իրենց կապերն ու անձնական շփումները՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ոք պէտք է գործէ, այլապէս «այս խայտառակութիւնը երբեք վերջ պիտի չգտնէ»։ 

Ան նաեւ պնդած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի՝ իշխանութեան գլուխը անցուցած իւրաքանչիւր օրը ամօթ է Ռուսաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար…

Նախընտրական քարոզարշաւի նախաշեմին, Զաթուլին գրեթէ մէկդի դրած է դիւանագիտական լեզուն՝ կատարելով ուղղակի յայտարարութիւններ, որոնք կրնան մեկնաբանուիլ որպէս ինքնիշխան պետութեան մը ընտրութիւններուն միջամտելու կոչեր։

Թէեւ քուէարկութիւնը տակաւին տեղի չէ ունեցած, սակայն որքան կը մօտենայ թուականը, այնքան այս հռետորաբանութիւնը կրնայ կոշտանալ, ինչ որ կրնայ վնասել հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ հայ հասարակութեան մէջ Ռուսաստանի վարկանիշին։

Հայաստանի քաղաքացիները բնականաբար զգայուն են արտաքին ճնշման որեւէ փորձի նկատմամբ, եւ պէտք է սպասել տեսնելու համար, թէ արդեօք այդ դժգոհութիւնը պիտի սահմանափակուի միայն որոշ քաղաքական գործիչներո՞վ, թէ՞ պիտի տարածուի աւելի լայն զանգուածներու վրայ։

Ամէն պարագայի, նման հակազդեցութեան պատասխանատւութիւնը կ՚իյնայ այդպիսի խօսքեր արտասանողներուն վրայ, քանի որ անոնք այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ արտաքին ուժեր կը փորձեն ազդել հայ հասարակութեան քաղաքական ընտրութեան վրայ՝ ի վնաս իր սեփական շահերուն։

Ալիեւի առաջարկած 5 միլիառ տոլարը Փաշինեանը առած է”

Նոյն հանդիպումին՝ Զաթուլին ըսած է նաեւ. “Կը կարծեմ, որ Սերժ Սարգսեանին Ալիեւի առաջարկած 5 միլիառ տոլարը (Արցախը զիջելու փոխարէն – «ՆՅ») Փաշինեանը առած է”։

Այդ իմ ենթադրութիւնս է. այդ գումարը (5 միլիառ տոլարը) ստացած է Նիկոլ Փաշինեանը։ Հետեւաբար, ինչպէս այժմ մենք կը տեսնենք, ան է Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ գլխաւոր թեկնածուն Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն”,– եզրակացուցած է ռուս երեսփոխանը։