Ներկայացուած են Հայաստանի եւ Հնդկաստանի արտադրած սպառազինութեան նմուշները

ՀՀ-Հնդկաստան

Հնդկաստանի զինուած ուժերու պաշտպանութեան սպայակոյտի պետին Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, անոր ներկայացուած են Հայաստանի եւ Հնդկաստանի արտադրած սպառազինութեան նմուշները։

Այս մասին ընկերային ցանցերու վրայ յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան՝ գրառման կից հրապարակելով տեսանիւթ մը։ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրէ գնուած զինուորական սարքաւորումներու նմուշները։

Հնդկաստանի զինուած ուժերու պաշտպանութեան սպայակոյտի պետը՝ Անիլ Չաուհանը Հայաստան ժամանած է Կիրակի, Փետրուար 8-ին։ Ան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ հայ գործընկերներուն հետ ունեցած է արդիւնաւէտ քննարկումներ՝ հետագայ համագործակցութեան խթանման նպատակով։

Կառավարութեան լրատուական վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ զրուցակիցները անդրադարձած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտէն ներս հետագայ գործակցութեան վերաբերող հարցերու։

Ըստ հնդկական աղբիւրներու՝ Հայաստանը, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողքին, Հնդկաստանի արտադրած զինատեսակներու ամենամեծ ներածողներէն է։ Շաբաթներ առաջ տեղական լրասփիւռները գրած էին Pinaka համազարկային հրթիռներու Հայաստան առաքման մասին. այդ առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական միջոցառումին մասնակցած էր նաեւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարը։ 2024-ի աւարտին ալ աղբիւրները կը գրէին, որ Հայաստան արդէն ստացած է Pinaka համակարգերու առաջին խմբաքանակը։