Պետական ձեռնարկներուն Հայաստանի փառերգի կենդանի կատարումը պարտադիր կը դառնայ

Փառերգ

Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է փառերգի կատարման նոր կարգը, որուն համաձայն՝ պետական պաշտօնական ձեռնարկներուն ընթացքին փառերգի կենդանի կատարումը (նուագախումբով կամ երգչախումբով) կը դառնայ պարտադիր։

Նոր կարգով՝

  • Բոլոր դպրոցներուն եւ մանկապարտէզներուն մէջ, իւրաքանչիւր Երկուշաբթի՝ դասերը սկսելէ առաջ, սաները պէտք է կենդանի կատարմամբ երգեն փառերգը։
  • Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս՝ ուսումնական տարուան սկիզբն ու աւարտին։
  • Փառերգը պէտք է ունկնդրել կամ կատարել յոտնկայս՝ աջ ձեռքը սրտին վրայ դրած։