ԵԽԽՎ-ն ներկայացուց Հայաստանի ընտրութիւններու զեկոյցը

ԵԽԽՎ

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Սեպտեմբեր 28-ի նիստին ներկայացուեցաւ Հայաստանի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու դիտարկման ամփոփիչ զեկոյցը։ ԵԽԽՎ-ի դէտերուն գնահատումով՝ ընտրութիւնները քաղաքացիներուն քաղաքական այլընտրանքներու միջեւ իրական ընտրութեան հնարաւորութիւն տուած են եւ ընդհանուր առմամբ լաւ կազմակերպուած են։ Դիտարկուած ընտրատեղամասերու ճնշող մեծամասնութեան մէջ քուէարկութեան ընթացքը դրական գնահատուած է։ 

Միաժամանակ զեկոյցը շարք մը լուրջ խնդիրներ կ՚արձանագրէ՝ ընտրակաշառքի վերաբերեալ մեղադրանքներ, քարոզարշաւին վարչական միջոցներու չարաշահում, ընտրական խախտումներու քննութեան ու ժամանակին դատական պաշտպանութեան թերութիւններ, ինչպէս նաեւ արտաքին միջամտութիւն։ Դէտերուն համաձայն՝ Ռուսաստանի կողմէ տնտեսական ճնշումներն ու տեղեկատուական գործողութիւնները աննախադէպ տարողութիւն ունեցած են Եւրոպայի Խորհուրդի անդամ երկրի մը ընտրութիւններուն համար։ Զեկոյցը նաեւ կը նշէ, որ արեւմտեան եւ եւրոպական պաշտօնատարներու՝ իշխանութեան ուժին նպաստաւոր յայտարարութիւնները եւս ընկալուած են իբրեւ արտաքին միջամտութիւն, թէեւ՝ առանց ռուսական գործողութիւններուն վերագրուած հարկադրական տարողութեան։ 

Առանձին մտահոգութիւն կը յայտնուի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին (ԿԸՅ) կողմէ երեք ընտրատեղամասերու՝ 10/51, 35/65 եւ 12/13-ի արդիւնքները անվաւեր նկատելու եւ վերաքուէարկութիւն չկազմակերպելու որոշումին շուրջ։ Որոշ հաշուարկներու համաձայն՝ այդ տեղամասերու մասնակցութեան տուեալները հաշուի առնելու պարագային «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը (ԲՀԿ) կրնար նուաճել խորհրդարան մուտքի 4 տոկոսի շեմը։ ԵԽԽՎ-ի դէտերը ԿԸՅ-ի ներկայացուցած պատճառաբանութիւնը անբաւարար համարած են՝ նկատի ունենալով որոշումին հնարաւոր ազդեցութիւնը խորհրդարանական ներկայացուածութեան վրայ։ 

Զեկոյցը կ՚առաջարկէ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ յստակ կարգ սահմանել նման պարագաներու վերաքուէարկութեան համար, ընդլայնել ընտրական վէճերով դատարան դիմելու իրաւունք ունեցողներու շրջանակը, ամրապնդել ընտրական յանձնաժողովներու անկախութիւնը եւ աւելի խիստ կարգաւորել վարչական միջոցներու օգտագործումը։ Առաջարկներ կան նաեւ լրասփիւռներու թափանցիկութեան, ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի եւ ընտրական դատավարութիւններու պատշաճ ընթացքի վերաբերեալ։ 

Զեկոյցի հրապարակումէն ետք ԲՀԿ-ն ողջունեց իր խորհրդարանական ներկայացուածութեան վերաբերող դիտարկումները, մինչ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի ներկայացուցիչները շեշտեցին ԵԽԽՎ-ի այն գնահատականը, ըստ որուն քուէարկութիւնը քաղաքացիներուն ընձեռած է քաղաքական այլընտրանքներու միջեւ իսկական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւն, եւ նորընտիր իշխանութիւնները ստացած են ժողովրդային յստակ լիազօրագիր։

***

Այս կապակցութեամբ, Ազգային ժողովի նախագահ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Ռուբէն Ռուբինեան կատարած է հետեւեալ գրառումը Դիմագիրքի իր էջին.- 

«ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան զեկոյցի ամենակարեւոր եզրակացութիւնը մեր ընտրութիւնների վերաբերեալ.

“Չնայած արձանագրուած թերութիւններին եւ աննախադէպ մասշտաբի արտաքին ճնշումներին՝ հասարակութիւնը ցուցադրել է իր ժողովրդավարական դիմակայունութիւնը։ Այսպիսով, նորընտիր իշխանութիւնները ժողովրդի կողմից ստացել են յստակ մանդատ, որը պէտք է այժմ պատուով իրագործեն”։

Կ՚իրագործենք»։