Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՌՈՄ. Խաժակ արք. Փրանկիսկոս պապին հաղորդած է Ամենայն Հայոց Վեհափառի ողջոյնները

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Յունուար ամսուան վերջին շաբթուան ընթացքին նշուած է Քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան Աղօթքի շաբաթը։

Քրիստոնեաներու միասնականութեան աղօթքի շաբթուան այս տարուան եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ, Փրանկիսկոս պապի նախագահութեամբ։ Տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու կարգին, այս արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Վատիկանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան։

Արարողութեան սկիզբը Խաժակ սրբազան Քահանայապետին հաղորդած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եղբայրական ջերմ ողջոյնները ու լաւագոյն մաղթանքները։