Նաթան արք. «Եպիսկոպոսները պիտի հաւաքուին Աւստրիոյ մէջ. առանց Կաթողիկոսին՝ ժողովին կարգավիճակը կը փոխուի»

Տէր Նաթան

Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Մայր Աթոռին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ Գարեգին Բ. պիտի չկարենայ մասնակցիլ Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովին։

Ըստ անոր՝ այսպէսով Եպիսկոպոսաց ժողովին կարգավիճակը կը փոխուի եւ ան տեղի պիտի ունենայ որպէս լոկ եպիսկոպոսաց հաւաք։

«Մեր եպիսկոպոսները պիտի հաւաքուին Աւստրիոյ մէջ. Կաթողիկոսին բացակայութեամբ ան կը դառնայ Եպիսկոպոսաց հաւաք։

Եպիսկոպոսները պիտի հաւաքուին՝ քննարկելու զանազան հարցեր, յատկապէս՝ այսօրուան իրավիճակը։ Ոեւէ մէկը չի կրնար արգելք ըլլալ, որ եպիսկոպոսները հաւաքուին»,– լրագրողներուն ըսած է Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան։

Յիշեցնենք, որ Գարեգին Բ.ի դէմ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում, եւ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրարկուած է բացակայելու արգելքը։

Նախապէս, փաստաբան Արա Զօհրապեան յայտնած էր, որ ՀՀ Դատախազութիւնը քրէական հետապնդում յարուցած է Գարեգին Բ.ի դէմ՝ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի հետ կապուած դատական վճիռի գործադրութիւնը խոչընդոտելու մեղադրանքով։ Արգիլուած է անոր ելքը Հայաստանէն։