Ազէրպայճանի իրաւապահները մտադիր են «սեղմ ժամանակի ընթացքին ձերբակալելու» Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Այս մասին յայտարարած է Ազէրպայճանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան պետ Նեմաթ Ավազով։
“Հետաքննութիւնը կը շարունակուի։ Յարութիւնեան, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «ինքնահռչակ վարչակարգի առաջնորդ», կարելիին չափ արագ պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուի յատուկ ծառայութիւններու գործադիր վարչութիւններու և հետախուզական գործակալութիւններու կողմէ”,– լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտնած է ազէրպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան։
Ազէրպայճանական աղբիւրներու համաձայն՝ Պաքու Յարութիւնեանը կը մեղադրէ «Գեանճայի վրայ հրթիռային յարձակման» յանցանքով։ “Ան կ՚ամբաստանուի 2020-ին Գեանճայի խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ իրագործուած չորս ահաբեկչութիւններու յանցանքով, որոնց հետեւանքով մահացան 26 եւ վիրաւորուեցան 175 խաղաղ բնակիչներ”,– ըսած է Ազէրպայճանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան պետը։
Փետրուար 15-ին Ավազով պնդած է, թէ Յարութիւնեան ընկերային ցանցերու մէջ խոստովանած է, որ ինք եղած է քաղաքին վրայ յարձակման նախաձեռնողը։