Բանակցութիւններ՝ դէպի Փեքին եւ Շանկհայ ուղղակի թռիչքներու համար
Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Լուսինէ Գէորգեանի համաձայն՝ հայկական ընկերութիւն մը ներկայիս բանակցութիւններու մէջ է չինական մեծ օդային ընկերութիւններու հետ, որպէսզի այս Յունիսէն սկսեալ Փեքինէն եւ Շանկհայէն դէպի Երեւան ուղղակի թռիչքներ հաստատուին:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտը կը շարունակէ աճ արձանագրել. 2026 թուականի Յունուարին զբօսաշրջութեան մարզէն ներս արձանագրուած է 29% աճ՝ նախորդ տարուան համեմատ: Ըստ Գէորգեանի՝ Չինաստանէն եկող զբօսաշրջութիւնը նոյնպէս կ՚աճի՝ հակառակ օդային երթեւեկութեան ներկայ սահմանափակ կարելիութիւններուն:
“Չինաստանէն եկող զբօսաշրջիկներու աճը 37% էր՝ հասնելով մօտ 45.000-ի: Սա դեռ այն պարագային է, երբ ուղղակի թռիչք կայ միայն ճարտարարուեստական կեդրոն հանդիսացող Ուրումչի քաղաքէն”,– նշած է կոմիտէի նախագահը՝ աւելցնելով, որ չինացի զբօսաշրջիկները յաճախ կ՚օգտուին շրջանային զբօսաշրջային փաթեթներէ՝ զուգակցելով իրենց այցելութիւնները դէպի Վրաստան կամ Ազերպայճան:
“Գոյութիւն ունի հայկական ընկերութիւն մը, որուն հետ մենք փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած ենք… Այժմ անոնք կը բանակցին չինական մեծագոյն օդային ընկերութիւններէն երկուքին հետ, որպէսզի Յունիսէն սկսեալ Փեքինէն կամ Շանկհայէն դէպի Հայաստան նոր թռիչքներ սկսին”,– բացատրած է Գէորգեան:
