Մինչ մէկ կողմէն պատերազմը կը շարունակուի Ռուսաստանի եւ Ուքրանիայի միջեւ, երկու երկիրներու ղեկավարները յաջորդաբար՝ Մարտ 11-ին եւ 12-ին յուսադրող յայտարարութիւններ ըրած են՝ խաղաղութեան վերահաստատման ուղղութեամբ։
Այսպէս, Ռուսաստանի նախագահ Փութին Մարտ 11-ին յայտարարած էր, թէ բանակցութիւններու գծով դրական զարգացումներ կան։ Յաջորդ օր ալ Ուքրաինայի նախագահ Զելեսքի յայտարարած է.- «Սկսանք համաձայնիլ որոշ բաներու շուրջ»։
Յիշեցնենք, որ կողմերը սեղանի շուրջ նստած էին նախ Պելառուսի մէջ, ուր իրարու ներկայացուցած էին իրենց պայմանները։ Այնուհետեւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Տմիթրօ Քուլիպա Մարտ 10-ին հանդիպում ունեցան Անթալիոյ մէջ։
Զելենսքի միաժամանակ յայտարարած է, թէ ոչ միայն Ռուսաստանէն, այլ նաեւ Արեւմուտքի ղեկավարներէն ալ պէտք է ստանան ապահովութեան երաշխիքներ, բայց եւ այնպէս պատրաստ են բանակցութիւնները շարունակելու ռուսական կողմին հետ։
Ըստ «Ռիա Նովոսթի» ռուսական լրատու գործակալութեան՝ Զելենսքի Իսրայէլի նախագահ Նաֆթալի Պենեթին ալ առաջարկած է Ռուսաստանի հետ հանդիպում կազմակերպել Երուսաղէմի մէջ։