Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք անցած է Պաքուի վերահսկողութեան տակ, Ապրիլ 22-ին սկսած է աշխարհի Ազերպայճանցիներու 5-րդ համագումարը, ուր Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Լուրը հաղորդած է minval.az:
“Եթէ Հայաստանի մէջ կան որոշ ուժեր, որոնք «վրէժխնդրութեան» (չակերտները՝ մեր կողմէ) հիման վրայ խոչընդոտ կը հանդիսանան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան եւ Ազերպայճանի «հողային ամբողջականութեան» (չակերտները՝ մեր կողմէ) ճանաչումին, ապա մենք ստիպուած պիտի ըլլանք համարժէք քայլերու դիմելու եւ չճանչնալու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը”,– ըսած է Ալիեւ։
“Հակառակ պատերազմի աւարտին, Հայաստանի հողային պահանջները չեն աւարտած, բայց ես վստահ եմ, որ մեր ձեռնարկած գործողութիւններուն շնորհիւ մենք պիտի վերացնենք Հայաստանի եւ աշխարհի Հայերու՝ Ազերպայճանէն հողային պահանջները։ Ազերպայճան հողային պահանջներ չունի այլ երկիրներէ, բայց մենք ալ մեր հողերը ո՛չ մէկուն կը զիջինք”,– ընդգծած է Պաքուի ղեկավարը։
Ընդհանուր առմամբ, վերոնշեալ համագումարին մասնակցած է շուրջ 400 Ազերպայճանցի՝ աշխարհի 65 երկիրներէ։
Արցախի ԱԳ նախարարութեան յայտարարութիւնը
Շուշիի մէջ կայացած վերոնշեալ համագումարին կապակցութեամբ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.-
«Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծայր աստիճան ապակառուցողական է համարում Ադրբեջանի կողմից բռնագրաւուած հայկական Շուշիում «աշխարհի Ադրբեջանցիների 5-րդ համագումար» անցկացնելու նախաձեռնութիւնը, ինչն իր մէջ ներառում է հայատեացութեան եւ ծաւալապաշտութեան ակնյայտ տարրեր։ Այն նաեւ տարածաշրջանում լարուածութիւն ստեղծելու փորձ է։ Արցախի ԱԳՆ-ն խստօրէն դատապարտում է Բաքուի այդ ազգայնամոլական եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը, որի նպատակն է խափանել ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը»։