“Նիկոլ Փաշինեան Դեկտեմբերին Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ հետագային եւս եւրասիական համարկման մասնակցելու հարցին մէջ, եւ յոյս ունինք, որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ”։ Այս մասին «Իզվեստիա»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին։

Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը կրկնած է, թէ անկարելի է միաժամանակ համարկուիլ թէ՛ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ)։

“Համագործակցութիւնը այլ բան է, համարկումը՝ բոլորովին այլ բան։ Ինչ որ կը տեսնենք Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան նոր ռազմավարական օրակարգին մէջ, մեր ընկալմամբ՝ Հայաստանի իրաւական շրջանակին համարկումն է՝ ներդաշնակացումը ԵՄ-ի համապատասխան չափանիշերուն՝ քաղաքականութեան, անվտանգութեան, տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Մենք բացայայտ եւ անկեղծօրէն կը յայտնենք մեր հայ գործընկերներուն, որ ԵՄ-ի հետ իրաւական շրջանակի նման ներդաշնակացումը անխուսափելիօրէն կը հակասէ ԵԱՏՄ-ի չափանիշերուն, որուն անդամ է նաեւ Հայաստանը”,– ըսած է Կալուզին։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարարին համաձայն՝ այս հարցերը պարբերաբար կը քննարկուին միջ-կառավարական յանձնաժողովին մէջ, որուն վերջին նիստը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 17-ին, Երեւանի մէջ։

“Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի անդամ է 2015-էն ի վեր եւ այս 10 տարիներու ընթացքին, վստահ ենք, որ հայ հասարակութիւնը եւ երկրի ղեկավարութիւնը զգացած են այս անդամակցութեան բոլոր նշանակալի առաւելութիւնները”,– նշած է Կալուզին՝ թուարկելով. “2015-ին, երբ Հայաստանը միացաւ ԵԱՏՄ-ին, երկրի ՀՆԱ-ն (Համախառն Ներքին Արդիւնք — PIB) կը կազմէր մօտաւորապէս 10,5 միլիառ տոլար, այսօր ան աւելի քան կրկնապատկուած է՝ հասնելով 26 միլիառ տոլարի։ Այս տարուան առաջին 10 ամիսներու ընթացքին Հայաստան արտածած է 6,4 միլիառ տոլարի ապրանք, որուն 2,6 միլիառ տոլարը՝ դէպի ԵԱՏՄ-ի երկիրներ եւ միայն կէս միլիառ տոլար՝ դէպի Եւրոպական Միութիւն”։

Կալուզին եզրափակած է. “Այս է ներկայի իրավիճակը։ Մենք յոյս ունինք, որ պիտի շարունակենք համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ ԵԱՏՄ-ի շրջանակէն ներս, մա՛նաւանդ որ հայկական կողմը այդ կը հաստատէ բարձր մակարդակով”։

«Թրամփի ուղին» կրնայ ազդել Հայաստանի՝ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեան վրայ»

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին «Նոյեւ Քովչեկ»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ «Ռուսաստան կը հետեւի Ուաշինկթընի մէջ յայտարարուած “Թրամփի ուղի՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար” հայ-ամերիկեան նախաձեռնութեան շուրջ զարգացումներուն»։

Դեսպանը նշած է, թէ առայժմ յայտնի է միայն նախագիծին անուանումը, իսկ գործնական քայլերու մասին տեղեկութիւններ չկան։

Քոփիրքին աւելցուցած է, որ Ռուսաստանի դիրքորոշումը պիտի յստականայ, երբ նախաձեռնութիւնը ստանայ որոշակի բովանդակութիւն՝ ընդգծելով, որ ան կրնայ ազդել Հայաստանի՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) անդամակցութեան վրայ, քանի որ Հանրապետութեան տարածքով ապրանքներու փոխադրումը կը կարգաւորուի նաեւ ԵԱՏՄ-ի օրէնսդրութեամբ։