Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ. Ալֆորվիլ եւ Առնուվիլ

Անցեալ շաբաթավերջին Ապրիլեան ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Փարիզեան շրջաններուն մէջ։ Ստորեւ՝ Ալֆորվիլի եւ Առնուվիլի ձեռնարկներուն հակիրճ նկարագրականը.-

ԱԼՖՈՐՎԻԼ

Ալֆորվիլի արարողութեան մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, երեսփոխանուհի Իզապէլ Սանթիակօ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, հոգեւոր դասը, համայքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ։

Մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղած եւ մոմեր վառած են Աշտարակի հրապարակը գտնուող՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջև։ 

Սուրբ Մեսրոպ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ հնչած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը:

Արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցած եւ մարդկութեան դէմ գործուած այդ ծանրագոյն ոճիրը դատապարտած են՝ ՀՀ դեսպանուհին, քաղաքապետը, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան եւ Ալֆորվիլի հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբին ներկայացուցիչները:

ԱՌՆՈՒՎԻԼ

Առնուվիլի հայ համայնքի ներկայացուցիչները համախմբուած են քաղաքի բանուկ պողոտաներէն մէկուն մայթին զետեղուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշարձանին մօտ, որ միաժամանակ կը խորհրդանշէ զոհուած, կամ վերապրած ու Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը սերունդներուն փոխանցած հայ կիներու անմոռաց կերպարը։

Ներկայ եղած են քաղաքապետ Փասքալ Տոլ, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւորականներ, Ֆրանսայի համար մարտնչած ռազմիկներու ընկերակցութեան եւ Կապոյտ Խաչի «Աստղիկ» մասնաճիւղի անդամները, Հրանդ Տինք եւ Նուռ հայկական դպրոցներու աշակերտները։

Ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին, ի միջի այլոց,  կուռ ելոյթներ ունեցած են Առնուվիլի քաղաքապետը եւ երեսփոխան, «Ֆրանսա-Հայաստան» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի, որոնք խստօրէն դատապարտած են հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած կանխամտածուած ոճրագործութիւնը։