Հայազգի գործարարը Սաքրամենթոյի մէջ պիտի կառուցէ հսկայական համալիր

Արթ Զարկարեան

Հայազգի կառուցապատող Արթ Զարկարեանի Լաս Վեկասի մէջ հիմնուած «Pegasus Development» ընկերութիւնը կ՚ընդլայնէ իր գործունէութիւնը դէպի Սաքրամենթօ (Գալիֆորնիա)։ Ընկերութիւնը պիտի ստանձնէ «Republic FC» ֆութպոլի ակումբին համար 20 հազար նստատեղիով նոր մարզադաշտի կառուցումը, ինչպէս նաեւ՝ յարակից շուրջ 12,5 հեկտար տարածքի վերածումը նոր կեդրոնական թաղամասի։ Նախատեսուած է, որ շինարարական աշխատանքները սկսին այս տարուան վերջաւորութեան։

Այս հսկայական նախագիծը ոչ միայն մարզական եւ ժամանցային նոր կեդրոն մը պիտի ստեղծէ, այլեւ պիտի կրկնապատկէ Սաքրամենթոյի կեդրոնի տարածքը՝ կենդանութիւն տալով կէս դար լքուած մնացած «Railyards» շրջանին։ Արթ Զարկարեանի ընկերութիւնը, որ մեծ փորձառութիւն ունի «Netflix»-ի, «Universal»-ի եւ այլ հսկայ ընկերութիւններու հետ աշխատած ըլլալով, արդէն իսկ նոր գրասենեակ բացած է Սաքրամենթօ եւ կը պատրաստուի երրորդ մը բանալու Նիւ Եորքի մէջ։ Յատկանշական է, որ 2017-էն ի վեր «Pegasus»-ը ղեկավարած է աւելի քան 7,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ կառուցապատման նախագիծեր։

Հայաստան ծնած եւ Գալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքին մէջ մեծցած Զարկարեան նշած է, որ չափազանց հպարտ է այս նոր հանգրուանով եւ լիովին պատրաստ է իր խումբին հետ կեանքի կոչելու Սաքրամենթոյի այս բացառիկ համալիրը։ Յաջողակ գործարար ըլլալու կողքին, երեք դուստրերու հայր Զարկարեանը նաեւ աշխուժօրէն կը զբաղի բարեսիրութեամբ՝ անդամակցելով շարք մը ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու խորհուրդներուն։