Երաժշտական եւ զբօսաշրջային «Ֆեստիվառ» փառատօնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած է ձմեռնային ձեւաչափով՝ տօնական շունչ հաղորդելով Ջերմուկ քաղաքին։
Փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած մեծ համերգին ելոյթ ունեցած են սիրուած արուեստագէտներ Արամ MP3-ը եւ Yellowheart-ը։ Բացառիկ կատարումով անոնց միացած է նաեւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2025»-ի Հայաստանի պատուիրակ Ալբերտը։ Ձեռնարկը ցոյց տուած է, որ Ջերմուկը կ՚ապրի բնականոն կեանքով եւ կը շարունակէ զարգանալ՝ ապահովելով տօնական բարձր տրամադրութիւն թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ՛ քաղաքի հիւրերուն։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանը, որ ողջունած է ներկաները եւ շնորհաւորած Ամանորի առթիւ։ Ան կարեւոր համարած է, որ 2025-էն 2026 անցումը կատարուած է բարձր տրամադրութեամբ՝ համոզում յայտնելով, որ Հայաստանի բնականոն զարգացումը պիտի շարունակուի յանուն քաղաքացիներու ազատութեան եւ բարեկեցութեան։ ■
