Զոհերուն եւ ձերբակալուածներուն թիւը աճած է

Իրանի մէջ շա­բաթ մը առաջ սկսած ցոյ­ցե­րը չեն դադ­րիր, իսկ զո­հերուն եւ ձեր­բա­կալուած­նե­րուն թի­ւը կ՚աճի։

Պե­տու­թեան կող­մէ վե­րահսկուող լրաս­փիւռներն ու մի­ջազ­գա­յին իրա­ւապաշտպան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը Յու­նուար 5-ին կը հա­ղոր­դէին ցու­ցա­րար­նե­րու եւ անվտան­գութեան ու­ժե­րու մի­ջեւ բա­խումնե­րուն հե­տեւան­քով առ­նուազն 16 մե­ռեալի եւ քա­նի մը տաս­նեակ վի­րաւոր­նե­րու մա­սին։ Հա­րիւ­րա­ւոր ցու­ցա­րար ալ ձեր­բա­կալուած է։

Իրա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը պաշ­տօ­նապէս չեն հաս­տա­տած այս տե­ղեկու­թիւննե­րը։

Նա­խագահ Մա­սուտ Փե­զեշ­քեան յայ­տա­րարած էր, որ կ՚ըն­դունի իրան­ցի­ներու «օրի­նական պա­հանջնե­րը», միեւ­նոյն ժա­մանակ կոչ ուղղած էր կա­ռավա­րու­թեան՝ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նարկե­լու տնտե­սական դժուարու­թիւննե­րը մեղ­մե­լու հա­մար։

Սա­կայն անվտան­գութեան ու­ժե­րը խոս­տա­ցած են կոշտ կե­ցուածք որ­դեգրել ցու­ցա­րար­նե­րուն եւ անոնց նկատ­մամբ, որոնք իրա­վիճա­կը «կ՚օգ­տա­գոր­ծեն» քաոս ստեղ­ծե­լու հա­մար։

Յի­շեց­նենք, որ ցոյ­ցե­րը ծայր առած էին ազ­գա­յին դրա­մանի­շի կտրուկ ար­ժեզրկման պատ­ճա­ռով։ Յու­նուար 4-ի տուեալ­նե­րով՝ անոնք տա­րածուած էին աւե­լի քան 170 բնա­կավայրեր։