Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Գանձայի մէջ նշուած է «Տէրեանական բանաստեղծութեան օր»-ը

 

Յուլիս 24-ին, Նինոծմինդայի Գանձա գիւղին մէջ նշուած է «Տէրեանական բանաստեղծութեան օր»-ը։ Մինչ համերգային բաժնին սկսիլը՝ հիւրերը այցելած են  հայ մեծ գրող Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանը, որ վերանորոգուած է 2021-ին «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամին կողմէ։

Սոյն հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սամուէլ Մկոյեան յայտնած  է, որ  տուն-թանգարանի ցուցասրահի վերանորոգման աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին։

Տէրեանական օրը նշուած է գիւղէն ոչ հեռու գտնուող դաշտին վրայ։ Ելոյթներուն յաջորդած են համերգային ծրագիր եւ Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւններու ընթերցումները։

Նինոծմինդայի Մշակոյթի տան «Փարւանա», Գանձա գիւղի «Գանձեր» համոյթները, ինչպէս նաեւ անհատ կատարողներ ներկայացուցած են ճոխ յայտագիր մը։