Հայաստան կը բարելաւէ իր դիրքերը «Համաշխարհային խաղաղութեան ցուցիչ»-ին մէջ
Տնտեսագիտութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկին (Institute for Economics and Peace) կողմէ հրապարակուած 2026 թուականի «Համաշխարհային խաղաղութեան ցուցիչ»-ին (Global Peace Index) մէջ, 163 երկիրներու շարքին Հայաստան գրաւած է 51-րդ տեղը՝ նախորդ տարուան համեմատ իր դիրքը բարելաւելով 7 կէտով։ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի 15 երկիրներու շարքին Հայաստան կը գրաւէ 6-րդ տեղը։ Երկրի խաղաղութեան մակարդակը 2025 թուականէն ի վեր կը գնահատուի «բարձր»։ Համեմատութեան համար նշենք, որ Ազերպայճան կը գտնուի 110-րդ, իսկ Վրաստան՝ 94-րդ դիրքին վրայ։ Զեկոյցը կ՚ընդգծէ, որ Հայաստան արձանագրած է տարածաշրջանի մէջ ամենամեծ տոկոսային բարելաւումներէն մէկը. անոր ընդհանուր միաւորը բարելաւուած է 4 տոկոսով։
«Հայաստանի առաջընթացը պայմանաւորուած է “Ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն” բաժինով, որ բարելաւուած է 9,3 տոկոսով։ “Բռնի ցոյցեր” (բոլոր տեսակի հաւաքներն ու ցոյցերը, որոնք կը յատկանշուին արձանագրուած բռնութեամբ) ցուցանիշը արձանագրած է 42,9 տոկոսի, իսկ “Քաղաքական ահաբեկչութեան աստիճան”-ը՝ 33,3 տոկոսի բարելաւում», կ՚ըսուի զեկոյցին մէջ, որ Հայաստանի այս յառաջխաղացքը կը վերագրէ Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընդհանուր գործընթացին։ Կը մատնանշուին 2025-ի եւ 2026-ի ընթացքին արձանագրուած նշանակալի ձեռքբերումները, անոնց կարգին՝ ԱՄՆ-ու միջնորդութեամբ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիրը, սահմանազատումը, վառելանիւթի մատակարարումները եւ TRIPP ծրագիրը։
