Յուլիս 26-ին Քիրկիզստանի մէջ, Թուրքիոյ, Ազերպայճանի, Ղազախստանի, Ուզպէքստանի ու հիւրընկալ երկրի պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ կայացած է թուրքալեզու պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու համաժողովը:
Ժողովին ելոյթ ունեցած է Ազերպայճանի Ազգային անվտանգութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Ալի Նակիեւ ու մասնաւորապէս յայտարարած, թէ՝ Հայաստանի վրէժխնդիր ուժերը չեն հրաժարած իրենց մտադրութենէն։ “Հայաստանեան ընդդիմադիր ուժերը լուրջ փորձեր կ՚ընեն՝ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման դէմ, եւ թէ ազերպայճանական յատուկ ծառայութիւններու աչալրջութեան շնորհիւ պիտի կանխուին անոնց առնչուող իւրաքանչիւր քայլ ու գործընթաց”,– ըսած է ան:
Ազերպայճանի ազգային անվտանգութեան նախարարի ելոյթը հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումներուն ուղղուած բացայայտ միջամտութիւն է, որու նախադէպը երբեք չէ եղած:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։