Թրքական զօրքեր՝ Հալէպի մերձակայ ռազմաօդային խարիսխի՞ն մէջ
Իսրայէլ կը յայտարարէ, որ Սուրիա թրքական զօրքերուն արտօնած է տեղակայուիլ Հալէպի մերձակայ ռազմաօդային խարիսխին մէջ
Սուրիա կը գտնուի Իսրայէլի հետ անվտանգութեան «սթաթիւ քուօ»-ն խախտելու եզրին՝ արտօնելով, որ թրքական զօրքերը տեղակայուին Հալէպի մերձակայքը գտնուող ռազմաօդային խարիսխին մէջ։ Այս մասին «X» հարթակին վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը։
«Իսրայէլ եւ Սուրիա համաձայնած են անվտանգութեան հարցերու մէջ պահպանել սթաթիւ քուօն։ Սուրիա մօտեցած է զայն խախտելուն՝ թոյլատրելով թրքական զօրքերու տեղակայումը Հալէպի մօտակայ ռազմաօդային խարիսխին մէջ»,– նշուած է գրասենեակին հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
Հաղորդագրութիւնը կ՚ընդգծէ նաեւ, որ Իսրայէլ բազմիցս զգուշացուցած է Սուրիան, թէ նման տեղակայում մը պիտի սպառնայ Իսրայէլի անվտանգութեան. «Սուրիա որոշած է անտեսել այս նախազգուշացումները։ Իսրայէլ պիտի չհանդուրժէ իր անվտանգութեան սպառնացող վտանգները եւ պիտի ողջունէ վերադարձը սթաթիւ քուոյին»,– կ՚եզրափակէ Նեթանիահուի գրասենեակը։
