Գերմանիոյ Քառլշռու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ ընդհանուր ժողովը Արամ Ա. կաթողիկոսը ընտրած է խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները։
Յայտնենք, թէ Վեհափառ հայրապետը երկու շրջան (1991-1998 եւ 1998-2006) ընտրուած էր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետ։
«Արդարեւ, ընդառաջելով միջեկեղեցական անձնաւորութիւններու ու շրջանակներու ջերմ փափաքին, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական շարժումին նոր մղում մը տալու հեռանկարով, Նորին Սրբութիւնը ընդառաջեց նախագահ դառնալու անոնց փափաքին»,– նշուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: