ՀՅԴ-ի յայտարարութիւնը
Յունիս 7ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ կը մնան իբրեւ աննախընթաց ահաբեկումի պայմաններու տակ տեղի ունեցած ընտրութիւններ:
Իշխող վարչախումբը ամբողջ ընտրաշրջանին գործեց առանց միջոցներու մէջ խտրութիւն դնելու: Լայնօրէն կիրարկուեցան բոլոր վարչական միջոցները՝ պետական եւ համայնքային լծակներու օգտագործումով: Գործի դրուած քարոզչական, վարչական ամբողջ զինանոցը միտուած էր ամէն ձեւով սահմանափակելու քաղաքական մրցակցութիւնն ու ազդելու ընտրողներու ազատ կամքի արտայայտութեան վրայ: Իշխանութեան տարածած ատելութեան խօսքն ու ձեռնարկած քայլերը նոր բաժանարար գիծեր եւ պառակտումներ յառաջ բերին հասարակութեան մէջ:
Արդիւնքը եղաւ այն, որ առաջին անգամ ըլլալով, վարչական միջամտութեան հետեւանքով, ՀՀ քաղաքացին զրկուեցաւ իր ընտրելու, իսկ քաղաքական ուժը՝ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ըլլալու իրաւունքէն:
Ընտրախախտումներու ծաւալը, ատոնց համակարգուած բնոյթը կը փաստեն ընտրութիւնները սոսկ իշխանութեան պահպանման միջոցի վերածելու՝ վարչախումբի ձգտումներուն մասին:
Աւելին, ընտրական խախտումներու վերացման պահանջը, քաղաքական նպատակայարմարութիւններու պատճառով անհետեւանք ձգելը, կը յառաջացնեն պետական կառոյցներու կենսունակութեան եւ սահմանադրական կարգի պահպանման հետ կապուած հիմնաւոր կասկածներ:
Այլեւս աներկբայ է, որ խորհրդարանական այս մեծամասնութիւնը ձեւաւորուած է ոչ թէ ժողովրդավարական ընտրութիւններու, այլ բացառապէս Սահմանադրական դատարանի կողմնակալ որոշման եւ վարչական մեքենայութիւններով իրականացուած երեսփոխանական լիազօրագրերու բաշխման իբրեւ արդիւնք:
Այս ընտրութիւններուն ընթացքին էական գործօն էին նաեւ արտաքին ուժային կեդրոններու եւ զանազան դերակատարներու բացայայտ միջամտութիւններն ու ազդեցութիւնները, ինչ որ լուրջ հարուած էր Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու գերիշխանութեան:
Այդուհանդերձ, հակառակ վերը նշուած հանգամանքներուն, բոլոր դժուարութիւններուն, սահմանափակումներուն եւ խոչընդոտներուն՝ հաւաքական ընդդիմութիւնը կրցաւ պատկառելի քանակով ընտրաքուէ ստանալ: «Պաշտօնապէս» արձանագրուած արդիւնքները թէեւ գործող իշխանութիւններուն փաստացի հնարաւորութիւն կու տան վերարտադրուելու, սակայն ակնյայտ է, որ իշխող վարչախումբը անկման ընթացքի մէջ է եւ կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը: Ասոր վկայութիւններէն են նաեւ նոր թափ ստացած յետընտրական քաղաքական հետապնդումներն ու բռնաճնշումները:
Ընտրութիւններուն հետեւանք՝ քաղաքական ճգնաժամը ոչ միայն չէ յաղթահարուած, այլեւ իշխող վարչախումբի քայլերուն պատճառով աւելի խորացած է՝ ստանալով վտանգաւոր ներազգային եւ աշխարհաքաղաքական երանգներ: Ամէն գնով վերարտադրուելու իշխանութիւններու մոլուցքը հարուածած է հանրային համերաշխութիւնը, ժողովրդավարական արժէքները, կայունութիւնը եւ պետութեան կենսունակութիւնը:
Գործող վարչախումբը շարունակ կը թիրախաւորէ Անկախութեան հռչակագիրը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին, Արցախեան շարժումը, հայկական ինքնութեան հիմքերը, այն ամէն ինչը, որ հանդիսացած է համահայկական միասնութեան շաղախը:
Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, նոր իրողութիւններն ու հանգամանքները հաշուի առնելով, հարկ է շարունակել քաղաքական պայքարը նոր մարտավարութեամբ, նոր թափով եւ ուժգնութեամբ:
Գլխաւոր խնդիրը իշխող վարչախումբի՝ Հայաստանի թրքացման միտուած կործանարար եւ աղէտաբեր քաղաքականութեան կանխումն է, եւ այս առումով խիստ կարեւոր է բոլոր առողջ, ազգային ուժերու համակարգուած ու համադրուած աշխատանքը եւ հանրային լայն համախմբումը:
Հետեւողական եւ աննահանջ պայքարը բոլոր ճակատներու վրայ յաջողութեան հասնելու միակ ճանապարհն է:
Հայկական ինքնութեան պահպանումը, ազգային ու արժանապատիւ պետութիւն ունենալու հրամայականը պէտք է դառնան համահայկական թիւ մէկ օրակարգ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
9 Յուլիս 2026
