Վիրթուոզ քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան ICMA-ի եզրափակիչ հասած է

Մարիաննա copie

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան հեղինակաւոր ICMA-ի (InterContinental Music Awards) «Լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգի եզրափակիչ հասած է։

Ի դէպ, մասնակից երկիրներուն թիւը անցած է 100-ը, իսկ մասնակիցներուն թիւը՝ 3500-ը։ Մարիաննա Գէորգեանը եզրափակիչ փուլ հասած միակ մասնակիցն է, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական դրօշը, հայկական արուեստը, ազգային նուագարան քանոնը եւ կը կրէ Եան մականունը։

Ան 2025-ին արժանացած է համաշխարհային խորհրդանիշ վիրթուոզ երաժիշտի (Global Icon Awards) տիտղոսին, 2020-ին ստացած է համաշխարհային World Folk Vision մրցոյթի գլխաւոր մրցանակը եւ բազմաթիւ միջազգային մրցումներու առաջին կարգի դափնեկիր է։

Մարիաննա Գէորգեանը «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի մենակատար քանոնահարուհին է (գեղարուեստական ղեկավար՝ Ս. Երկանեան)։

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH