Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը՝ Մաքրոնին
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին՝ Ազգային տօնին առիթով: Ուղերձին մէջ կ՚ըսուի.
«Մեծարգո՛յ պարոն Նախագահ, թանկագի՛ն Էմանիւէլ,
Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային տօնին առիթով՝ ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ բարեկամ ֆրանսացի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ կը յղեմ իմ լաւագոյն մաղթանքները։
Յուլիս 14-ը առանձնայատուկ խորհուրդ ունի ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան արժէքները բաժնեկցող բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Այս օրը լաւագոյն առիթն է արժեւորելու Ֆրանսայի հարուստ քաղաքական ու գաղափարական ժառանգութիւնը, որուն հիմքին գտնուող սկզբունքները դարձած են ժամանակակից ժողովրդավարական աշխարհի հիմնասիւները։
Մեծ գոհունակութեամբ կ՚արձանագրեմ, որ ճիշդ այդ արժէքներուն հիման վրայ խարսխուած՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն հասած են աննախադէպ մակարդակի՝ ձեռք բերելով նոր որակ եւ ռազմավարական բովանդակութիւն։
Այսօր Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած ռազմավարական գործընկերութիւնը վստահօրէն կը զարգանայ բոլոր առանցքային ուղղութիւններով՝ քաղաքական երկխօսութենէն եւ պաշտպանութենէն մինչեւ տնտեսութիւն, ներդրումներ, ենթակառոյցներ, ուժանիւթ, կրթութիւն, գիտութիւն, մշակոյթ եւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, մեր համագործակցութիւնը յաջողութեամբ կ՚ընդլայնի այնպիսի հեռանկարային մարզերու մէջ, ինչպէս՝ նորարարութիւնները, արհեստական բանականութիւնը, կենսաբազմազանութեան պահպանումն ու կլիմայական օրակարգը։ Վստահ եմ, որ միասնաբար ձեւաւորուած յաւակնոտ օրակարգի հետեւողական իրագործումը մեր գործընկերութիւնը պիտի հասցնէ աւելի բարձր մակարդակի՝ ի շահ մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներուն։
Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Ֆրանսայի առանցքային դերակատարութեան ու հետեւողական աջակցութեան՝ Եւրոպական Միութեան հետ մեր երկրի գործընկերութեան խորացման, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգի ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ հաստատութենական զարգացման մէջ։
Կ՚ուզէի վերստին ընդգծել, թէ որքա՜ն բարձր կը գնահատենք Ֆրանսայի եւ անձամբ Ձեր աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմադրականութեան ամրապնդման եւ ժողովրդավարական զարգացման։ Առանձնակի երախտագիտութեամբ կը գնահատեմ այս ուղղութեամբ Ձեր անձնական առաջնորդութիւնն ու յանձնառութիւնը:
Ազգային տօնին առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորելով Ձեզ եւ բարեկամ ֆրանսացի ժողովուրդը՝ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ շարունակական յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանին ու Ֆրանսային՝ նորանոր ձեռքբերումներ եւ մեր ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ ամրապնդում՝ ի շահ մեր զոյգ ժողովուրդներուն։
Հաճեցէ՛ք ընդունիլ, մեծարգո՛յ պարոն Նախագահ, խորին յարգանքներուս հաւաստիքը։
Բարեկամաբար՝ Նիկոլ Փաշինեան»:
