Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Մարտ 13-ին ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւններու աւարտի մասին յայտարարութիւնը։
Ան, X-ի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կ՚ըսէ. «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման խոչընդոտներ այլեւս չկան. սա ճամբայ կը հարթէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար»։
Թեհրան, Մատրիտ եւ Վիեննա եւս կ՚ողջունեն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ համաձայնութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։